«Արմէնփրէս».- 12 Ապրիլին Արցախի մէջ պսակաձեւ ժահրով  վարակուողներու 6-րդ պարագայ հաստատուած է, 12 մեկուսացող կայ, քննութիւն կատարուած է 57 մարդու:

Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան տուեալներով` 11 Ապրիլին քննութիւն կատարուած 9 քաղաքացիներէն մէկուն մօտ հաստատուած է պսակաձեւ ժահրի վարակ: Ան Քարվաճառի մէջ  վարակուած կին մըն է, որ մինչ օրս ինքնամեկուսացուած էր: Քննութեան դրական պատասխանէն ետք քաղաքացին մեկուսացուած է Շահումեանի շրջանի Քարվաճառի շրջանային բուժմիաւորումին մէջ:

Քաշաթաղի բուժմիաւորումին մէջ  Միրիկ համայնքէն եւս երկու քաղաքացիներ մեկուսացուած են, որոնք  այդ համայնքի մէջ վարակուած քաղաքացիին հետ  շփման առաջին շրջանակէն էին:

Այս պահին մեկուսացուած քաղաքացիների թիւը 12 է, վարակակիրներունը՝4: