Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 12 Ապրիլին պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստով, որուն ներկայ էին հանրապետութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններու ներկայացուցիչները, արտակարգ իրավիճակ յայտարարած է:

Նախագահ Սահակեան ուղերձով դիմած է հանրապետութեան քաղաքացիներուն եւ տեղեկացուցած, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ պսակաձեւ ժահր հիւանդութեան տարածման կանխարգիլման եւ  համաճարակի սպառնալիքէն բնակչութեան պաշտպանութեան նպատակով Արցախի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու մասին հրամանագիր ստորագրած է:

Ստորեւ ամբողտութեամբ կտ ներկայացնենք Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի

Ու ղ ե ր ձ ը

Արցախի Հանրապետութենէն ներս արտակարգ իրավիճակ յայտարարելու մասին

/12 Ապրիլի 2020 թ./ք. Ստեփանակերտ,

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Սոյն թուականի 19 Մարտին, կառավարութեան նիստին, ուր քննարկուեցաւ «Արցախի Հանրապետութենէն ներս պսակաձեւ ժահրի հիւանդութեան տարածման կանխարգտիլման եւ  համաճարակի սպառնալիքէն բնակչութեան պաշտպանութեան պատրաստականութեան մասին» հարցը, ես մեր քաղաքացիներուն տեղեկացուցած էի բոլոր ձեռնարկուող միջոցներուն մասին:

Հոս կը նշեմ, որ կառավարութեան կողմէն կը ձեռնարկուին բոլոր անհրաժեշտ հնարաւոր միջոցները մեր հանրապետութեան տարածքին պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգելման ուղղութեամբ, եւ որ այդ աշխատանքները կը կրեն մշտական բնոյթ:

Նաեւ նշուած է, որ նոր հանգամանքներ ի յայտ գալու պարագային պիտի իրականացուին լրացուցիչ քայլեր, եւ մեր քաղաքացիները այդ մասին անմիջապէս պիտի տեղեկանան:

Առարկայական պատճառներով, աշխարհի երեսին այդ վարակին տարածումը կը համընկնի մեր հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ նախատեսուած կարեւորագոյն համապետական` նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման եւ իրականացման հետ:

Ստեղծուած պայմաններուն լոյսին տակ, մենք պէտք է ընէինք ամէն ինչ, որպէսզի եւ՛ ընտրութիւնները ընթանան նախատեսուած ժամկէտին, եւ՛, ամենակարեւորը, ապահովուի բնակչութեան առողջութիւնը` մեր ժողովուրդը զերծ պահելով հնարաւոր վտանգներէն:

Սահմանադրութեամբ նախատեսուած համապետական կարեւոր միջովտանգներու, ինչպիսին են հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութիւններուն իրականացումը որեւէ մէկուն քմահաճոյքը չեն, այլ առկայ իրավիճակի յստակ գիտակցումն է, որ հաստատուած ժամկէտներուն ընտրութիւններու չիրականանալը ինքնին կրնայ պատճառել սահմանադրական ճգնաժամ` անկէ             բխող              բազմթիւ անկանխատեսելի բացասական հետեւանքներով:

Այդ իսկ պատճառով իրականացուած են կառավարութեան որոշումներով նախատեսուած այն բոլոր համալիր միջոցառումները, որոնք կ՚ենթադրեն պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարը, եւ որոնք այսօր կը գործեն տարբեր երկրներուն մէջ: Հանրապետութեան տարսծքին վարակի տարածման դէմ պայքարը չէ իադարսծ ոչ մէկ վայրկեան: Աշխուժօրէն կ՚աշխատի միջգերատեսչական յանձնաժողովը, եւ ազդու կերպով կը լուծէ բոլոր դրուած խնդիրները:

Յատկապէս կ’ուզէի նշել, որ մեր երկրի տարածքին պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգելման  աշխատանքները կ՚իրականանան Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան կառոյցներու հետ սերտ համագործակցութեամբ: Եւ բոլոր ծագող հարցերուն շուրջ իմ կողմէն մշտապէս տեղի կ՚ունենան քաղաքական խորհրդատուութիւններ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:

Այս աշխատանքներուն իրականացումը մեզմէ իւրաքանչիւրէն կտ պահանջէ հսկայական պատասխանատուութեան եւ բարձր գիտակցութեան զգացում: Մեր կողէ կը կատսրուի հնարաւորը այս ուղղութեամբ:

Եւ որեւէ մէկուն մօտ պէտք չէ կասկած ծագի, թէ այն քաղաքականութիւնը, որ մեր կողմէ իրականացուած է ստեղծուած պայմաններուն լոյսին տակ, եղած է համակողմանիօրէն մշակուած, ու որ անոր հիմքուն գոյութիւն ունէին եւ՛ բնակչութեան առողջութեան պահպանման ուղղութեամբ բոլոր միջոցներու ձեռնարկումը, եւ՛ սահմանադրական խնդիրներու լուծումը` ի շահ մեր ժողովուրդի, մեր երկրի ապագայի, ի շահ մեր պետականութեան ամրապնդման:

Դեռեւս պարզ չէ, թէ ինչքան պիտի տեւէ այս համաճարակը, եւ ան ինչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ: Պետութեան կողմէ պէտք է կատարուի հնարաւորը մեր երկրի տարածքին տնտեսական ճգնաժամը կանխելու ուղղութեամբ:

Եւ այս պարագային պէտք է գոյութիւն ունենայ ժողովուրդին լիակատար վստահութիւնը վայելող իշխանութիւն, որ, օգտագործելով օրէնքով սահմանուած իր լիազօրութիւնները, կ՚ընէ հնարաւոր ամէն ինչ ապագայ բոլոր մարտահրաւէրները արդիւնաւէտօրէն դիմակայելու համար:

Ստեղծուած լրջագոյն պայմաններուն լոյսին տակ, մեզի, ինչպէս միշտ, պէտք է ընտրուած օրինական իշխանութիւն:

Մենք յաջողեցանք Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ժամկէտներին՝ մարտի 31-ին համատեղ ուժերով անցկացնել համապետական ընտրութիւնները: Ինչպէս գիտէք, ընտրուած է Ազգային ժողովի նոր կազմ: Սակայն նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքները կ՚ենթադրեն ընտրութիւններու երկրորդ փուլի իրականացում, որ նախատեսուած է 14 Ապրիլին: