«Թերթ».- Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական Ընտրողական Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ նախնական տուեալներով, հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններուն 2-րդ փուլին մասնակցած է 47.165 ընտրող:

Ստորեւ ներկայացուած է, թէ իւրաքանչիւր շրջանի նախագահի թեկնածուներէն իւրաքանչիւրը որքան քուէ ստացած է: Աւելցնենք, որ պայքարը կ’ընթանար նախագահական ընտրութիւններուն առաջին փուլին աւելի շատ քուէ ստացած թեկնածուներէն երկուքին` Արայիկ Յարութիւնեանին եւ Մասիս Մաիլեանին միջեւ: Քուէարկութեան առաջին փուլին Արայիկ Յարութիւնեան ստացած էր 36.076 քուէ (49.26 տոկոս), Մասիս Մայիլեանը` 19.360 քուէ (26.4 տոկոս):

Արայիկ Յարութիւնեան ընտրուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ, ան ստացած է 39.860 ձայն, իսկ Մասիս Մայիլեանը` 5.428 ձայն:

Ստեփանակերտի մէջ ընտրութեան մասնակցած է 12.721 հոգի, Արայիկ Յարութիւնեանին քուէարկած է 11.051 հոգի, Մասիս Մայիլեանին` 1.168 հոգի, 502 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:

Ասկերանի շրջանին ընտրութեան մասնակցած 6.712 հոգիէն Արայիկ Յարութիւնեանին քուէարկած է 5.672 հոգի, Մասիս Մայիլեանին` 802.238 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:

Հադրութի շրջանի ընտրութեան մասնակցած 5.063 հոգիէն Արայիկ Յարութիւնեանին քուէարկած է 4.193 հոգի, Մասիս Մայիլեանին` 625 հոգի, 245 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:

Մարտակերտի շրջանին ընտրութեան մասնակցած 6.825 հոգիէն Արայիկ Յարութիւնեանին քուէարկած է 5.734 հոգի, Մասիս Մայիլեանին` 842 հոգի, 248 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:

Մարտունի շրջանին ընտրութեան մասնակցած 8.897 հոգիէն Արայիկ Յարութիւնեանին ի շահ քուէարկած է 7.386 հոգի, Մասիս Մայիլեանին` 1.145 հոգի, 366 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:

Շահումեանի շրջանին ընտրութեան մասնակցած 2.100 հոգիէն Արայիկ Յարութիւնեանին քուէարկած է 994 հոգի, Մասիս Մայիլեանին` 114 հոգի, 49 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:

Շուշիի շրջանին ընտրութեան մասնակցած 3.962 հոգիէն Արայիկ Յարութիւնեանին քուէարկած է 1.477 հոգի, Մասիս Մայիլեանին՝ 282 հոգի, 85 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:

Քաշաթաղի շրջանին ընտրութեան մասնակցած 3.756 հոգիէն Արայիկ Յարութիւնեանին քուէարկած է 3.174 հոգի, Մասիս Մայիլեանին` 445 հոգի, 137 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:

Երեւանի 1 ընտրական տեղամասին քուէակութեան մասնակցած 190 հոգիէն Արայիկ Յարութիւնեանի քուէարկած է 179 հոգի, Մասիս Մայիլեանին` 5 հոգի, 6 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է: