Մեծ Պահոց օրհնաբաշխ օրերու եկեղեցական արարողութիւնները 2020-ին սկիզբ առին հոգեթով մթնոլորտի մէջ, հաւատացեալներու հոծ ներկայութեան: Սակայն մարդկութեան կեանքին սպառնացող պսակաձեւ ժահրին տարածումը խափանեց հաւաքական բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընթացքը: Կրօնական Ժողովի դիւանին 14 Մարտ 2020-ին հրապարակած յայտարարութենէն իրազեկ դարձանք, որ թեմի բոլոր եկեղեցական արարողութիւնները պիտի կատարուին հոգեւորականներու եւ սակաւաթիւ սարկաւագներու ներկայութեան, առանց ժողովրդային մասնակցութեան:
ՀԱԼԷՊ
Յարմարելով նոր պայմաններուն, շաբաթական հերթով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ, թեմի քահանայ հայրերը մէկտեղ համախմբուած Մեծ Պահոց Արեւագալի եւ հսկումի ժամերգութիւնները շարունակեցին մատուցել դռնփակ եւ ուղիղ սփռումով, յոյս եւ հաւատք ներշնչելով իրենց տուներէն հետեւող հաւատացեալներուն:
Առցանց հեռարձակումներով, նախապէս յայտարարուած ժամկէտերով եկեղեցիներու դիմատետրի էջերուն ճամբով սփռուեցան հետեւեալ եկեղեցական արարողութիւնները.
– Կիրակի, 22 Մարտ 2020-ին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնը Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց եւ օրուան քարոզը տուաւ՝ քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը ամբողջացուցած նորաօծ Քահանայ Արժ. Տ. Սուրէն Քհնյ. Արսլանեան:
– Կիրակի, 29 Մարտ 2020-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապ տօնին, յիշատակուեցաւ Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան: Օրուան Խորհուրդը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:
– Կիրակի, 5 Ապրիլ 2020-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Ս. Եւ Անմահ Պատարագ եւ Դռնբացէքի արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի: Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերէնցեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առցանց սփռումով հետեւող հաւատացեալներուն ուղղեց Ծաղկազարդի տօնին իր պատգամը: Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր օրհնեց ձիթենիի ճիւղերը եւ ձեռամբ զանոնք բաշխեց եկեղեցի ներկայացող խումբ մը հաւատացեալներուն: Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը մեկնելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ապա Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի հոն եւս իր օրհնութիւնները տուաւ եւ անձամբ ձիթենիի ոստեր բաշխեց ներկայացող փոքրաթիւ հաւատացեալներուն:
 Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն նուիրուած աւագ շաբաթը յիշատակուեցաւ հոգեպարար եկեղեցական արարողութիւններով:
– Աւագ Հինգշաբթի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հետեւեալ արարողութիւնները.-
Ա. Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդի հաստատման նուիրուած Պատարագ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Ս. Եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան: Այնուհետեւ, Ս. Բարսեղ հայրապետին աղօթքը ընթերցեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան:
Բ. Կարգ Ոտնլուայի, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, գլխաւորութեամբ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի, որ Քրիստոսի հեզութեան եւ խոնարհութեան օրինակին հետեւելով, եկեղեցւոյ խորանին առջեւ ծնկաչոք՝ քահանայ հայրերուն եւ սարկաւագներուն ոտքերը լուաց եւ իւղով օծեց: Հայր սուրբը ներկայացնելով օրուան խորհուրդը հրաւիրեց հաւատացեալները մաքրելու իրենց հոգիներն ու միտքերը:
Գ. Կարգ Չարչարանաց (Խաւարման գիշեր), երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Օրուան խորհուրդը արտասանեց Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, յայտնելով, որ եկեղեցական այս արարողութիւնը յիշատակումն է Քրիստոսի փրկարար չարչարանքներուն: Քահանայ հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները Խաչին խորհուրդը հասկնալու համար հաւատք ունենալ եւ աստուածային սիրով լեցուիլ:
– Աւագ Ուրբաթ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 10 Ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան խորհուրդը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնութագրելով Քրիստոսի եռամեայ քարոզչութեան աւարտին տեղի ունեցած զարմանալի դէպքերը, յայտնելով, որ Քրիստոս եկաւ խաղաղութիւն հաստատելու, սակայն զարմանալի վերաբերմունքի արժանացաւ զինք շրջապատող մարդոց կողմէ: Նոյնիսկ Քրիստոսի աշակերտները, որոնք ականատես վկաները եղան իր հրաշագործութիւններուն, առանձին ձգեցին եւ ուրացան զինք:
Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ թէեւ Քրիստոսի խաչելութեան եւ մահուան դէպքերը սուգի եւ տառապանքի պահեր են, սակայն քրիստոնեայ հաւատացեալներուս համար ուրախութեան օր է, որովհետեւ Քրիստոսի խաչելութեամբ, մահուամբ եւ ապա յարութեամբ մեր հոգիները փրկուեցան:
– Աւագ Շաբաթ, ճրագալոյցի Պատարագ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան: Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ քահանայ հայրերը «Այսօր Յարեաւ Ի Մեռելոց» շարականի երգեցողութեամբ աւետեցին Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան աւետիսը:
– Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը յիշատակուեցաւ Կիրակի, 12 Ապրիլ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Հանդիսաւոր թափօրով եւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ազգ. Առաջնորդարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր եկեղեցի: Սուրբ եւ Անմահ Հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց եւ Ս. Յարութեան տօնի իր պատգամը տուաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յայտարարելով հրեշտակին բերած աւետիսը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան մասին. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ Ան. յարութի՛ւն առաւ» (Ղկ 24.5):
Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ յարութեան առաւօտը սովորական առաւօտ մը չէ, այլ յաղթանակի առաւօտ է, ուրախութեան եւ ցնծութեան առաւօտ է, փառք եւ գոհութիւն յայտնելու առաւօտ է, հոգիներու յաղթանակի եւ փրկութեան, բարոյական արժէքներու յաղթանակի, յոյսի, սիրոյ, կեանքի, աղօթքի եւ վերջապէս հաւատքի վերակենդանութեան առաւօտ է, որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Պատարագի աւարտին Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մատրան առջեւ Ս. Յարութեան բերկրալի շարականներով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հոգեւորականաց դասը եւ սարկաւագները աւետեցին Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը:
Յիշենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախազգուշական պայմանները յարգելով Ս. Յարութեան տօնին շնորհաւորանք չընդունեց:
Մեռելոց յիշատակին Հոգեհանգստեան Պատարագ տեղի չունեցաւ, սակայն Կրօնական ժողովի յատուկ կարգադրութեամբ, մէկ շաբթուան տեւողութեան, քահանայ հայրերու հերթական ներկայութեամբ այցելութեան ժամեր ճշդուեցան, Ազգ. Գերեզմանատուն այցելող հաւատացեալներուն բազմութիւնը թեթեւցնելու համար:
Ճեզիրէ
Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան մատուցեց Ծաղկազարդի, Աւագ Շաբթուան, Սուրբ Յարութեան տօնին եւ Ազգ. Գերեզմանատան մէջ մեռելոց յիշատակին նուիրուած եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններ՝ դռնփակ եւ առցանց սփռումով:
Քեսապ
Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազան Հօր յատուկ կարգադրութեամբ Քեսապ մեկնեցաւ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերէնցեանի: Ս. Յարութեան տօնին, Կիրակի, 12 Ապրիլ 2020-ին հայր սուրբը Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ դռնփակ եւ ուղիղ սփռումով, իսկ Երկուշաբթի 13 Ապրիլ 2020-ին՝ Հոգեհանգստեան պաշտօն:
Ծովափնեայ շրջան
Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւս Ծաղկազարդի, Աւագ Շաբթուան եւ Սուրբ Յարութեան տօնին նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններ տեղի ունեցան, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանին մատուցմամբ:
Ներկայիս տիրող յայտնի պատճառներով թեմի կարգ մը շրջաններուն մէջ պատարագներ չմատուցուեցան՝ ճամբորդութեան դժուարութեան պատճառով:
Թող որ Քրիստոսի յարութեամբ մեր կեանքէն վերանան բոլոր տեսակի ախտերը եւ հաւատքով զօրացած վերագտնենք մեր բնականոն կեանքը: