«Արմէնփրէս».- Հալէպի ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութենէն ներս մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տօնոյեան«Արմէնփրէսին» ներկայացնելով մարդասիրական խումբի աշխատանքները դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին արձանագրած է բաւական մեծ յաջողութիւններ:
-Պարոն Տօնոյեան, այս օրերուն աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ տարբեր նախաձեռնութիւններով ու ծրագիրներով կը պայքարին պսակաձեւ ժահրի տարածումը կանխելու համար: Սուրիան բացառութիւն չէ: Խնդրեմ ըսէք, Սուրիոյ իշխանութիւնները ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկեն, ի՞նչ սահմանափակումներ ի գործ կը դնեն:
-Սուրիոյ իշխանութիւնները շարք մը կանխարգելիչ նախաձեռնութիւններ կ’իրականացնեն: Յատկապէս, 16 Մարտէն սկսեալ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն, շարք մը սահմանափակումներ կը գործեն: Դադրած է քաղաքային, նահանգային, ինչպէս նաեւ միջնահանգային երթեւեկութիւնը: Սահմանափակումներու շրջագիծէն ներս երեկոյեան ժամը 18:00-էն մինչեւ առաւօտեան 06:00 պարէտային ժամ յայտարարուած է, արգիլուած է մարդոց տեղաշարժը: Հանգստեան օրերուն տեղաշարժը սահմանափակուած է կէսօրուան` ժամը 12:00-էն մինչեւ առաւօտեան 06:00-ը: Կը փափաքէի առանձնացնել Առողջապահութեան Նախարարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքները: Յատկապէս, նախարարութեան կողմէ Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Հոմսի նահանգներուն մէջ տեղակայուած տարրալուծարանի պատասխանատուներ, օրական կարելիութիւն ունին մինչեւ 100 քննութեան համակարգ իրականացնել: Պատասխանատուները տեղեկացուցած են, որ այդ թիւը կարելի է օրական 200-300-ի հասցնել: Ինչպէս նաեւ կրթութեան ոլորտի պատասխանատուներուն միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ Սուրիոյ տարածքին 28 դպրոցներ կցուած են Առողջապահութեան նախարարութեան` յարկ եղած պարագային որպէս մեկուսարաններ ծառայելու: Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներու թիւը 30-էն աւելի է, որոնցմէ 5-ը բուժուած է: Արձանագրուած է մահուան 2 պարագայ:
-Նոր իրավիճակէն մեկնած, ինչպէ՞ս կը կազմակերպուի մեր մարդասիրական առաքելութեան աշխատանքը: Ին՞չ կանխարգելիչ նախաձեռնութիւններ կ’իրականացուին վարակէն խուսափելու համար:
-Հայաստանի մարդասիրական խումբը նկատի առնելով ստեղծուած իրավիճակը իր առաքելութիւնը կ’իրականացնէ որոշակի սահմանափակումներով: Մարդասիրական խումբի աշխատանքները հաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար անհրաժեշտ կանխարգելիչ նախաձեռնութիւններ կը կատարուին: Ամէնօրեայ դրութեամբ մարդասիրական կեդրոնէն ներս բոլոր ախտահանիչ նախաձեռնութիւնները կ’իրականացուին: Շաբթուան ընթացքին երեք անգամ անձնակազմի մշտական տեղակայման վայրը ընդհանուր կ’ախտահանուի: Մարդասիրական խումբի անձնակազմը կը գործէ բաւական լաւ մասնագիտական որակով, կը կատարեն կանխարգելիչ աշխատանքներ: Ընդգծեմ, որ մարդասիրական խումբին մէջ առողջական հարցերու հետ կապուած պարագաներ չկան:
-Այս օրերուն աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ բժիշկների, բուժանձնակազմի դերը աւելի լուսարձակի տակ կ’առնուի, իսկ հոն գտնուող մեր բժշկական խումբը բուժօգնութիւն կը ցուցաբերէ տեղաբնակներուն: Ին՞չ ուղղութիւններով կ’աշխատին մեր մասնագէտները:
-Մեր մասնագէտները իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն բաւական մասնագիտական եւ բարձր մակարդակով: Ստեղծուած իրավիճակին համաձայն` յաճախումները հիմնականօրէն քիչ են: Ամէն պարագայի, մեր մասնագէտները որոշակի սահմանափակումներով նոյնիսկ կ’իրականցնեն իրենց առջեւ դրուած հարցերը: Անոնք ապահովուած են պաշտպանիչ զգեստներով ու ախտահանիչ միջոցներով: Դժուարութիւններով, սակայն պատիւով կ’իրականացնեն իրենց աշխատանքները: Մեր բժիշկները բազմակողմանի ուղղութիւններով կը սպասարկեն` մանկաբուժութիւն, կնաբուժութիւն, վիրաբուժութիւն եւ այլն: Բոլոր ուղղութիւններով ալ ունինք գրանցուած յաջողութիւններ:
-Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբը Հալէպի շարք մը բժշկական հաստատութիւններուն վերջերս փոխանցեց բժշկական պարագաներ: Ինչպէ՞ս կը կազմակերպուի աջակցութեան գործընթացը, ինչի՞ կարիք կը զգացուի:
-Այո, քանի մը օր առաջ մեր մարդասիրական խումբին կողմէն Հալէպի շարք մը բուժհաստատութիւններուն տրամադրուեցան դեղորայք, բժշկական պարագաներ: Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսութեան ջանքերով տեղւոյն բժշկական հաստատութիւններուն ու Հալէպ նահանգի առողջապահական պատասխանատուներուն հետ միատեղ կ’իրականացուին այդ աշխատանքները: Հանդիպումներու ընթացքին տեղեկացուցած են, թէ ինչ բժշկական պարագաներու կարիք ունին: Սահմանուած կարգով տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի Հայաստանի իշխանութիւններուն: Համապատասխան օժանդակութիւնը ստանալէ ետք կը բաշխուի բժշկական հաստատութիւններուն միջեւ:
-ՀՀ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի 4-րդ հերթափոխը իր աշխատանքները Փետրուարէն սկսեալ կը կատարէ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս հերթափոխի գործունէութիւնը, ի՞նչ արդիւնքներ կ’առանձնացնէք:
-Մարդասիրական ականազերծման փորձագիտական կեդրոնի կազմէն ներս գործող մարդասիրական առաքելութեան ականզերծողները այս կարճ ժամանակահատուածին բաւական մեծ յաջողութիւններ ունեցած են: Պէտք է նշեմ, որ 20 հազար քմ․-էն աւելի տարածք ականազերծուած է այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ: Պատերազմի հետեւանքով մնացած մօտաւորապէս 40 միաւոր պայթուցիկ նիւթեր յայտնաբերուած է: Անոնք բոլորը վնասազերծուած են: Բժիշկներու պարագային արդիւնքները տպաւորիչ են: Կրնանք փաստել, որ Սուրիոյ մէջ մեր առաքելութիւնը կ’ընթանայ բնականոն հունով, նոյնիսկ պսակաձեւ ժահրով պայմանաւորուած այս օրերուն ստեղծուած դժուարին իրավիճակին աշխատանքները կը կատարուին յաւուր պատշաճի:
-Տարբեր առիթներով նշուած է, որ մեր մասնագէտները ջերմ յարաբերութիւններ հաստատած են թէ՛ հայ համայնքի, թէ՛ տեղւոյն միւս բնակիչներուն հետ: Ին՞չ հետաքրքրական դրուագներ կ’առանձնացնէք բնակիչներու հետ յարաբերութիւններէն:
-Շատ ճիշդ նկատեցիք, ջերմ յարաբերութիւններ ունինք թէ՛ հայ համայնքի, թէ՛ տեղւոյն միւս բնակիչներուն հետ: Ըսեմ, որ Հալէպի մէջ, ընդհանրապէս Սուրիոյ հայ համայնքը ունի բացարձակ հեղինակութիւն: Սուրիացիներու շրջանին հայերը ունեն իրենց առանձնայատուկ տեղը` շնորհիւ իրենց վարքագիծին, աշխատանքին, գործունէութեան եւ հոգեկերտուածքին: Մենք չէինք կրնար հեռու մնալ այս գործընթացէն: Մշտապէս ուշադրութիւնը կը զգանք: Հոս կան մարդիկ` թէ հայեր, թէ այլ ազգի ներկայացուցիչներ, որոնք ուսանած են Հայաստանի մէջ: Մեր մասնագէտներուն հետ մտերմանալով` կը յիշեն իրենց դասախօսները, դասընկերները, կը բաժնեկցին յիշողութիւններով, մօտիկ ծանօթներ կը գտնեն: Շատերը կը փափաքին դարձեալ Հայաստան գալ, մեծ հետաքրրութիւն կը ցուցաբերեն:

Աննա Գզիրեան