Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 2020-ին ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական նամակատունը Սուրիոյ անկախութեան 74-ամեակին առիթով դրոշմաթուղթ մը հրապարակեց։
Աղբիւրը յայտնեց, որ ժողովուրդը կրնայ դրոշմաթուղթը ստանալ սուրիական նահանգներու նամակատան տարբեր գրասենեակներէն։
Յիշենք, որ Սուրիոյ ժողովուրդը իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 17-ին կը յիշատակէ ֆրանսական բռնատիրութենէն Սուրիոյ Հանրապետութեան անկախութեան տօնը։