Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշար ալ Ասատին: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան անկախութեան առիթով:
Հայ-սուրիական յարաբերութիւնները յատուկ են, պատմականօրէն ձեւաւորուած է ամուր բարեկամութիւնը, փոխադարձ համակրանքը, համագործակցութեան եւ փոխաջակցութեան ոգին։
Սուրիական ճգնաժամի ընթացքին Հայաստան իր հաստատուն աջակցութիւնը ցոյց տուաւ Սուրիոյ, որուն խօսուն ապացոյցը Հալէպի մեր հայկական մարդասիրական առաքելութեան գործունէութիւնն է: Համոզուած եմ, որ մեր պետութիւններուն միջեւ աւանդական երկխօսութիւնը հետագային եւս կը շարունակէ ընդլայնիլ եւ խորանալ՝ ի շահ մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներուն:
Լիայոյս եմ, որ Սուրիան կը յաղթահարէ առկայ ճգնաժամը եւ կը թեւակոխէ յառաջընթացի եւ զարգացման նոր փուլ: Օգտուելով առիթէն՝ կը ցանկամ վերահաստատել մեր յանձնառութիւնը՝ նպաստելու վերականգնումի գործընթացներուն։
Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն, իսկ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին՝ խաղաղութիւն եւ յառաջընթաց»: