Սուրիոյ Ճարտարարուեստի պալատի գրասենեակի նախագահ Ֆարես ալ Շահապի 16 Ապրիլ 2020-ին հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով մը եւ յայտնեց, որ ճարտարարուեստի պալատը յաջողած է արտադրել Սուրիոյ մէջ առաջին տեղական արհեստական շնչառութեան գործիքը։ Շահապի յայտնեց, որ արտադրութիւնը ամբողջութեամբ տեղական ջանքերով իրականացած է եւ այս գործիքը Սուրիոյ մակարդակով լաւագոյնը կարելի է համարել: Գործիքը կ’ամբողջացնէ համաշխարհային բոլոր չափանիշները, յատկապէս՝ անգլիականը եւ կրնայ օգտագործուիլ հիւանդանոցներու մէջ: