Gazeteduvar.com.tr կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պսակաձեւ ժահրի տարածման դէմ ձեռնարկուող քայլերու շրջագիծէն ներս Թուրքիոյ Խորհրդարանի նիստերը 6 շաբաթով պիտի յետաձգեն։

Կ’ակնկալուի, որ աշխատանքները դադրին այն ատեն, երբ պատգամաւորները աշխատաւորներու աշխատանքէն հեռացումը արգիլող օրինագիծը ընդունին, որ նաեւ կ’ենթադրէ գործատուներու սեփական աշխատողներուն հարկադիր արձակուրդի իրաւունքը պահել։

Մինչ օրս յստակ չէ, թէ արդեօ՞ք խորհրդարանի նիստ տեղի պիտի ունենայ 23 Ապրիլին։ Այդ օրը Թուրքիոյ մէջ կը յիշատակուի մանուկներու, ինչպէս նաեւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հիմնադրութեան օր, որ Թուրքիոյ մէջ կարեւորագույն պետական տօներէն մէկն է։

Խորհրդարանը, ըստ ամենայնի, իր աշխատանքները պիտի վերսկսի Մայիսի վերջին նախատեսուող Ռամատան տօնէն ետք։