«Երկիր».- ՀՀ պարետատունը տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր յիշուած է, որ աշխարհի մէջ նոր տիպի պսակաձեւ ժահրի լայնածաւալ տարածման առաջին նշաններէն ետք կարելի բոլոր միջոցներով ՀՀ կառավարութիւնը եւ Պարետատունը աջակցած են արտերկիր գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն` յստակ քայլերու ձեռնարկելով, տեղւոյն վրայ անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելով եւ զիրենք հայրենիք վերադարձնելու համար:
Այժմ պարետատունը Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջոցով կապի մէջ է աշխարհի մօտաւոր 50 երկիրներու մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն հետ: Պէտք է նշել, որ պսակաձեւ ժահրի հետագայ տարածման հետեւանքով կարելի չէ անմիջապէս ապահովել անոնց բոլորին հայրենիք վերադարձը: Յառաջացած բարդութիւնները սահմանուած են քանի մը հանգամանքներով, բոլոր վերադարձողներուն մեկուսացման մէջ պահելու կարելիութիւններով, օդային տարածքներու արգելքներով եւ պսակաձեւ ժահրի լայն տարածում ունեցող երկիրներու մէջ տեղաշարժելու առողջապահական վտանգներով:
Ընդգծենք, որ ՀՀ կառավարութեան, Պարէտատան կողմէն ձեռնարկուող հետեւողական քայլերուն հետեւանքով 14 Մարտէն մինչեւ 17 Ապրիլ կազմակերպուած կամ համակարգուած է շարք մը երկիրներէն 21206 ՀՀ քաղաքացիներուն վերադարձը Հայաստան: Այս ուղղութեամբ քայլերը շարունակական բնոյթ պիտի կրեն: Եթէ նոյնիսկ կարելի չէ անմիջապէս կազմակերպել վերադարձը, ձեռնարկուած են եւ ձեռնարկուելու են բոլոր կարելի միջոցները տեղւոյն մեր քաղաքացիներու կարիքները` կեցութիւնը հոգալու ուղղութեամբ:
Բոլոր այս աշխատանքները կ’իրականացուին Պարէտատան անմիջական համակարգումով` ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, մեր դեսպաններուն եւ գլխաւոր հիւպատոսներուն միջոցով: Հետեւապէս, կոչ կ’ընենք Հայաստան վերադառնալու ցանկութիւն ունեցող մեր քաղաքացիներուն առաջնորդուիլ բացառապէս տեղւոյն ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն տրամադրած տեղեկատուութեամբ եւ հետեւիլ միմիայն անոնց յորդորներուն: