Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին:
Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Մեծարգոյ Պարոն Նախագահ, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, իր աշխարհացրիւ միաւորներով ու հազարաւոր անդամներով, կը շնորհաւորէ Ձեզ Արցախի Հանրապետութէան Նախագահի լիազօրութիւնները ստանձնելու:
Լիայոյս ենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի աննկուն ժողովուրդը պիտի արձանագրեն նորանոր նուաճումներ, հաստատելով ընկերային ու տնտեսական արդար համակարգ, սատարելով Արցախ-Սփիւռք համագործակցութէան` յանուն համազգային մեր ընդհանրական շահերուն, Արցախի յաղթանակով նուաճուած խաղաղութէան եւ Հայոց Արդար Դատին ի խնդիր տարուած աշխատանքներուն յաջողութեան:
Ինչպէս անցէալին, ներկայիս եւս, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր համահայկական կառոյցով – համայն Հայաշխարհի կողքին – կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ մշտապէ՛ս սատար Արցախի Պետութեան ու ժողովուրդին:
Թոյլ տուէ՛ք, Պարոն Նախագահ, մաղթելու Ձեզի, ու բոլորի՛ս, ուժ, կորով եւ համբերութիւն` լաւագոյնս եաղթահարելու ներկայ բոլոր դժուարութիւնները եւ յօգուտ մեր ժողովուրդի բարօրութեան` իրականացնելու նորանոր յաջողութիւններ»: