«Արցախփրէս».-Պատմական միջավայրի պահպանութեան Հադրութի շրջանային ծառայութեան եւ շրջանային կեդրոնի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան բաժինի միատեղ նախաձեռնութեամբ յուշարձաններու միջազգային օրուան նուիրուած քայլերթ եւ շաբաթօրեակ կազմակերպուած է :
Քայլերթին մասնակցած են միայն վերոնշեալ բաժիններու աշխատակիցները` նկատի առնելով պսակաձեւ ժահրի տարածումը:
Քայլերթը սկսած են Հադրութի շրջանի Ցոր գիւղէն` հասնելով մինչեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի ( 17-րդ դարու կառոյց), ուր շաբաթօրեակ տեղի ունեցած է:

«Մեր նպատակն էր անգամ մը եւս եւս արժեւորել պատմական յուշարձաններու դերը մշակոյթի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ: Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք այն յուշարձաններուն, որոնք կը գտնին բնակավայրերէն հեռու: Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է քաջ գիտակցի, որ իր երկիրը աշխարհին ճանաչելի կը դառնայ նաեւ կոթողներով, որոնք ապացոյցն են տուեալ ժողովուրդի բնիկ ըլլալուն: Սիրենք եւ պահպանենք մեր ազգային արժէքները» ըսած է Հադրութի շրջանային վարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի վարիչ Երազիկ Հայրիեան: