World Press Photo միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթի կազմակերպիչները յայտարարած են 2019-ի լաւագոյն լուսանկարներու հեղինակներու անունները:
«Դիմանկարներ» անուան տակ տարուան լաւագոյնը համարուած է լեհ լուսանկարիչ Տոմէք Քաչորի «Զարթօնքը», որուն մէջ պատկերուած է երիտասարդ հայուհի մը:
Լուսանկարի հերոսուհին 15-ամեայ Եւան է` լեհական քաղաքներէն մէկուն մէջ գտնուող փախստականներու ընդունման կեդրոնէն ներս հաշմանդամի սայլակին նստած:
Euronews-ը կը գրէ, որ հայ աղջնակը հարկադիր տեղահանման համախտանիշէն տառապած է, երբ անոր ընտանիքը ապաստանած է Շուէտի մէջ: Եւան սկսած է վերականգնիլ Լեհաստան երթալէն ութ ամիս ետք:
Տեղահանման համախտանիշը մարդուն անշարժ կը դարձնէ, կը զրկէ խօսելու, ուտելու եւ խմելու կարողութենէն: Ան կը տրուի հոգեբանական տագնապ ապրած երեխաներուն` ապաստան ստանալու երկարատեւ գործընթացի ատեն: