Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկեց երկրին մէջ շրջագայութեան արգիլման ժամերուն վերաբերող որոշումը, որուն համաձայն Ռամատանի ամսուան առաջին օրէն սկսեալ Սուրիոյ նահանգներուն մէջ շրջագայութիւնը պիտի արգիլուի երեկոյեան ժամը 7:30-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 :