«Արմէնփրէս».- ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան 20 Ապրիլին մասնակցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քէսպրչիքի հետ առցանց տեսաժողովի:
Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: ԱԳ նախարար Մնացականեան անդրադարձ կատարած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններուն:
«Կողմերը ընդգծած են պսակաձեւ ժահրի դէմ համաշխարհային պայքարի բերումով զինադադարի անվերապահ պահպանման հրամայականը:
Կարծիքներ փոխանակուած են ստեղծուած պայմաններուն մէջ աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովման քայլերուն շուրջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: