«Արմէնփրէս».- Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան յայտնած է, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը ընդամէնը փոխած է Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունենալիք` Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ձեւը. նախագիծերը տեղափոխուած են համացանցային տարածք եւ լրատուադաշտ:
«Շարք մը քաղաքներու փողոցներուն մէջ պիտի տեղադրուին տարբեր պաստառներ եւ այլ տեղեկատուական նիւթեր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Տեղի պիտի ունենայ պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան պատմա-մշակութային կոմիտէի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանի առցանց դասախօսութիւնը: Բացի անկէ, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեսերիզներու նսխագիծի ստեղծման պիտի միանան հայ համայնքի շարք մը ականաւոր գործիչներ:
Յուշարձաններու մօտ ծաղիկներ զետեղելու աւանդական արարողութիւնը պիտի կատարուի կանխազգուշացման բոլոր կանոններու պահպանումով», ըսած է ան: