«Երկիր».-«Աւրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը պիտի կատարէ առցանց քննարկում, որ տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլ 2020-ին, ժամը 19:30-ին` յարգելու մէկ դար առաջ նահատակուածներու յիշատակը եւ մեծարելու մերօրեայ հերոսները՝ անոնք որոնք այսօր աշխարհի մէջ կը պայքարին պսակաձեւ ժահր համավարակին դէմ: Նախաձեռնութեան ընթացքին պիտի յայտարարուին նաեւ 2020-ի  «Աւրորայի» հերոսներուն անունները:

«Առցանց քննարկումի բանախօսներն են Նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէեան, Վարդան Կրեկորեան եւ Ռուբէն Վարդանեան, «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ Լորտ Արա Տարզին, «Խաղաղութեան տան» (Maison Shalom) հիմնադիր եւ «Աւրորա մրցանակի առաջին` 2016-ի դափնեկիր Մարգարիտ Պարանկիցէն: Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Futures Studio քննարկումներու հարթակին վրայ, որը պիտի վարէ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործադիր տնօրէն Նիկոլա Ստանիշը: