Երեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2020-ին, Սուրիոյ առողջապահութեան Նախարար Նիզար Եազճի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած բոլոր պարագաները կը գտնուին Դամասկոսի եւ Դամասկոսի Սեյիտէ Զեյնէպ արուարձանին մէջ, իսկ մնացած նահանգներուն մէջ վարակուած պարագաներ չկան:

Նախարարը շեշտեց, որ վարակուածներուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի Սեյիտա Զեյնէպի մէջ, ուր աւելի քան 3000 կասկածելի պարագաներ քննութեան ենթարկուեցան, ապա կոչ ուղղեց տեղւոյն բնակչութեան խստիւ հետեւելու սուրիական կառավարութեան սահմանած նախազգուշական քայլերուն եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ տունը մնալու՝ կանխելու համար պսակաձեւ ժահրին արագընթաց տարածման վտանգը: