ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակած է.

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Նկատի առնելով նոր պսակաձեւ ժահրի տարածման վտանգը ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած է այս տարի  Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ամենամեայ աւանդական ջահերով երթը չեղեալ համարել:

Կոչ կ՚ուղղենք 23 Ապրիլին ժամը 21:00-ին անջատել տան լոյսերը եւ մոմեր վառել պատուհաններուն առջեւ` մեր խոնարհումը բերելով անմեղ զոհերու յիշատակին ու յիշեցնելով մեր արդար իրաւունքներու վերականգնումը:
23 Ապրիլի  երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու յուշակոթողին մօտ պիտի կազմակերպուի մոմավառութիւն` փոքրաթիւ մարդոց մասնակցութեամբ:

Բոլորին կը մաղթենք առողջութիւն»: