«Ապառաժ».- 22 Ապրիլին ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ստեփանակերտի գրասենեակէն ներս Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանին հետ:

Հանդիպումին մասնակցած  են նաեւ ԱՀ Ազգային Ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան, Ազատ Հայրենիք կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան եւ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի անդամներ Վահրամ Բալայեան, Արթուր Մոսիյենն ու ՀՅԴ Արցախի պաշտօնաթերթ «Ապառաժ»ի խմբագիր Արա Պուլուզեան:

Դաւիթ Իշխանեան նախ իր եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցին անունով շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը` Արցախի նախագահ ընտրուելու առիթով:

Արայիկ Յարութիւնեան յայտնած է, որ իր նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս հանդիպումի շրջագիծէն ներս, քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններ  տեղի պիտի ունեան:

Հանդիպումի ընթացքին միտքեր  փոխանակուած են այս ծանր ժամանակաշրջանին Արցախի դէմ-յանդիման ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման միջոցներուն շուրջ:

Ընտրուած նախագահը կարեւոր համարած է Դաշնակցութեան առանձնայատուկ դերը Արցախի պետական համակարգի կայացման եւ երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ:

Կողմերը հաւաստիացուցած  են, որ միտքերու փոխանակման եւ իրարու տեսակէտներուն ծանօթանալու համար հանդիպումներու առիթներ յառաջիկային դարձեալ պիտի ըլլան: