«Արցախփրէս».- Օդի ապականութեան ուսումնասիրութիւններով զբաղող IQAir ընկերութեան հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ պսակաձեւ ժահրի համավարակի տարածումին հետեւանքով ճամբորդութեան եւ արդիւնաբերական արտադրութեան սահմանափակումներու պատճառով օդի ապականութեան մակարդակի աննախադէպ նուազում արձանագրուած է աշխարհի խոշորագոյն քաղաքներուն մէջ:

Ընկերութիւնը ուսումնասիրած է PM 2.5-ի վնասակար մասնիկներու մակարդակը աշխարհի 10 խոշոր քաղաքներուն մէջ, որոնցմէ 7-ին՝ Նիւ Տելհիի, Սէուլի, Ուհանի եւ Մումպայի, օդի որակի զգալի բարելաւում նկատուած է:

Վերլուծաբանները քաղաքներէն իւրաքանչիւրին համար ընտրած են խստագոյն միջոցներու յայտարարման եռամսեայ ժամանակահատուածը, եւ պարզուած է, որ այս ընթացքին օդի ապականութեան մակարդակը իջած է տասնեակ տոկոսով:

IQAir-ի վերլուծաբանները վստահ են, որ սահմանափակումներու վերացումէն եւ տնտեսութեան վերականգնումէն ետք օդի ապականութեան մակարդակը կրկին պիտի վերականգնուի: