Եղեռնէն վերապրողներու առաջին սերունդին համար պապենական հողեր վերադառնալու հարցը ամէնօրեայ մտահոգութիւն էր, հանապազօրեայ հացի նման անոնք կը մտածէին հայրենի երկիր վերադառնալու միջոցներուն մասին։ Մեծամասնութիւնը համոզուած էր, որ առժամեայ են Երկրէն դուրս պատրաստուած այս կացարանները, ժամանակի մը համար են անոնք միայն, յետոյ ամէն մարդ իր տունն ու տեղը պիտի վերադառնայ, չէ՞ որ բանալիները չէին յանձնած ոչ ոքի, ո՛չ քիւրտ դրացիին, ո՛չ թուրք գիւղապետին։
Վերապրողներուն յաջորդող առաջին սերունդը թէեւ չէր տեսած իր արտն ու այգին, սակայն այնքան բան լսած էր անոնց մասին, որ արդէն ականատեսի չափ գիտելիք եւ տեղեկութիւն ունէր։ Սակայն այս սերունդը կը տարբերէր զինք նախորդող սերունդէն՝ իրեն աւանդուած բանալիները կրկին օգտագործելու առնչութեամբ ունեցած հաւատքի զօրութեան իմաստով։ Այս սերունդի մեծամասնութեան մօտ կը նուազէր ամբողջական հաւատքը վերստին այդ հողերուն մէջ վարուցանք ընելու։ Ան կը հաւատար, սակայն նուազ հաւատքով քան վերապրողները։
Վերապրողներու երկրորդ սերունդը, որ մայրենիին չափ տիրապետեց իր ապրած երկրի լեզուին, ծանօթացաւ զանազան քաղաքակրթութիւններու ու մշակոյթներու, երբեմն նոյնիսկ ջերմութեամբ փարեցաւ անոնց, սկսաւ կամայ-ակամայ հեռանալ իր սեփական լեզուէն, մշակոյթէն, քաղաքակրթութենէն։
Այս սերունդին մօտ նախորդ սերունդէն աւելի կը նուազէր հաւատքը՝ հայրենի տան թոնիրին ծուխը կրկին տեսնելու։ Հաւատքը կար, սակայն՝ նուազ։
Այսօր վերապրողներու ծոռն է այն երիտասարդը, որ յանձնառութիւն ստանձնած է հետապնդելու մեր դատի պահանջներու կատարման գործընթացը։ Այս երիտասարդը պահանջուած գործը գլուխ հանելու համար հարկաւոր է, որ շարք մը պայմաններ ամբողջացնէ.
ա.- Ամէն բանէ առաջ հաւատք պիտի ունենայ իր կատարելիք գործին նկատմամբ։ Պիտի վերապրի այն ամէնը, որ ապրեցան իր նախահայրերը ոչ թէ 105 տարի առաջ, այլեւ՝ հազարամեակներ առաջ։
բ.- Հիմնականօրէն ծանօթ պիտի ըլլայ որքա՛ն իր հայրենի պատմութեան, այնքա՛ն եւ աշխարհագրութեան։ Պիտի իմանայ թէ ո՞ր տարածքներն են, որ կողոպտուեցան մեզմէ, ո՞ր սահմաններն են, որոնց փշաթելերը պէտք է վերցուին։
գ.- Ծանօթ պիտի ըլլայ միջազգային այն օրէնքներուն, որոնցմով կարելի է հնարքներ գտնել միջազգային իրաւունքի ճամբով.
-Հայրենի հողերը վերադարձնելու։
-Արեան հատուցում ստանալու։
-Վնասներու բարոյական հատուցում ստանալու։
-Վնասներու նիւթական հատուցում ստանալու։
դ.- Ո՛ր երկրին մէջ ալ ապրած ըլլայ ան, ի՛նչ աշխատանքով ալ զբաղած ըլլայ, ինչ ուսման ալ տիրացած ըլլայ պէտք է իր առօրեային մէջ տարածք յատկացնէ ի՛ր դատին, իր ազգի՛ դատին։ Ինչքան ալ փոքր ըլլայ այդ տարածքը, խնդիր չէ, կարեւորը գոյութիւն ունենայ։
ե.- Ազգի դատին նկատմամբ ունենայ այն վերաբերմունքը ինչ որ ունի կամ կրնայ ունենալ իր անհատական դատին նկատմամբ, չանտեսելով որեւէ մանրամասնութիւն, չարհամարhելով որեւէ յարաբերական աշխատանք, չզլանալով որեւէ տեղեկութեան փոխանցում կամ աշխատանքի կատարում։
զ.- Չսպասէ որ ոեւէ մէկը պարտականութիւն յանձնէ իրեն, որպէսզի ինք կատարէ ա՛յն գործը, զոր կրնար կատարել առանց այդ յանձնառութեան։
Ակնկալուածին համապատասխան սերունդ տեսնելու ազգի ռազմավարութեան մէջ ամէնէն հսկայական գործը երիտասարդ ուսուցիչներուն, դաստիարակներուն, ընդհանրապէս կրթական մշակներուն ուսին դրուած է։ Փոքրիկներն ու պատանիները մեծապէս կ’ազդուին իրենց ուսուցիչէն ու դաստիարակէն, եւ եթէ ան իսկապէս օրինակելի ուսուցիչի կամ դաստիարակի տիպար է, իր դաստիարակութեան յանձնուած սերունդը պիտի ուզէ, պիտի ջանայ, պիտի ձգտի նմանիլ իր ուսուցիչին կամ դաստիարակին, պիտի որդեգրէ նոյն անոր սկզբունքները եւ վերաբերմունքը հարցերու նկատմամբ եւ դեռ աւելին պիտի փորձէ գերազանցել իր սիրած մշակը։
Ամէն տարի Ապրիլ ամսուն դարակներէն կը հանենք ցեղասպանութեան թղթածրարները, կը վերադասաւորենք փոշիներու կոյտերէն ձերբազատած մատեանները, կղպուած դարակներէն խնամքով դուրս կը բերենք վաւերաթուղթերը եւ քանի մը օր անոնց հետ զբաղելէ ետք կը վերադարձնենք զանոնք իրենց տեղերը, յաջորդ տարին կրկին օգտուելու համար անոնցմէ։ Մինչ կ’ենթադրուի, որ այդ թղթածրարները մեր գրասեղաններու վրայ մնայուն ներկայութիւն ըլլան, մեր միտքերը մշտապէս զբաղեցնողը ըլլան, մեր հեռակայ թէ մօտակայ ծրագիրներուն մէջ իրենց անզիջելի տեղը ունենան եւ ամենակարեւորը խթանեն բոլորս, որպէսզի ազգին ծառայող գործերու իրականացման համար ինքնակամ աշխատանքի մղուինք, աշխատինք բոլորս, ոչ թէ մեզմէ ոմանք պահանջատէր եւ ոմանք պահանջները հետապնդող ըլլան, այլ բոլո՛րս պահանջատէր եւ բոլո՛րս յանձնառու ըլլանք։
Մեր սերունդներուն ծանօթացողը կը համոզուի, որ այնքան ներուժ ու ներշնչում ունին անոնք, որ դժուար պիտի չըլլայ պահանջատիրութեան առնչութեամբ ակնկալուած աշխատանքի իրականացումը տեսնելը, պարզապէս հարկ է ուղի հարթել անոնց դիմաց։
Մարիա Գաբրիէլեան