Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնէն ներս կատարած զրոյցով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ պահանջատիրութիւնը Դաշնակցութեան հիմնական օրակարգային հարցերու առանցքը պիտի շարունակէ մնալ:
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օրուան առիթով 24 Ապրիլին Կոմիտասի անուան պանթէոնէն ներս ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամները ծաղկեպսակ զետեղեցին Կոմիտասի շիրիմին եւ խոնարհեցան Մեծ Եղեռնի սրբադասուած նահատակներու յիշատակին առջեւ:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրի դերին ու նշանակութեան. «Վերջին տարիներուն ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը նաեւ 2015-ին ընդունուած հռչակագիրն էր, որ Հայ Դատի լուծման ուղղութեամբ համազգային ուժերը համախմբելու իմաստով շատ կարեւոր փաստաթուղթ է: Մեր պետութիւնը, կը կարծեմ, պէտք է հաւատարիմ մնայ այդ փաստաթուղթի տառին եւ ոգիին», դիտել տուաւ Ի. Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն միշտ առաջնահերթօրէն պիտի շարունակէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, վերականգնման եւ պահանջատիրութեան հարցը օրակարգի վրայ պահելու գործը:
Մեկնաբանելով օրեր առաջ «պահանջատիրութիւն» շեշտադրումը կարգախօսէն հանելու փորձերը` ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը յայտնեց. «Մենք շատ արագօրէն արձագանգ տուինք: Մեզի համար անընդունելի, դատապարտելի երեւոյթ է: Պահանջատիրութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պէտք է ըլլայ Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին վրայ, եւ եթէ յայտնուի որեւէ մէկը, որեւէ հիմնարկ, պաշտօնեայ, որ այս հարցը հարցականի տակ դնէ, մենք շատ կտրուկ պիտի արձագանքենք: Մեզի համար սկզբունքային հարց է, եւ կը կարծեմ, հայ ժողովուրդի պայքարի հետագայ շարունակականութեան կարեւոր գրաւական»:
Ի. Սաղաթէլեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներուն` փաստելով, որ անոնք ամէնօրեայ վարչակարգով հետեւողական աշխատանքներ իրականացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման, նաեւ Արցախի եւ ՀՀ-ի շահերը հողին վրայ առջեւ բերելու:
Ին՞չ տեսակէտ ունի ՀՅԴ-ն` կառավարութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդունուած կարգախօսին համար կարելի յայտարարութիւններու առնչութեամբ` հարցին, Ի. Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Պէտք է նկատի առնել, թէ ինչը ինչով կը փոխարինեն: Եթէ պահանջատիրութենէն պիտի հրաժարին եւ տեղը ինչ-որ բառակապակցութիւն պիտի տեղադրեն` անթոյլատրելի է: Բայց քանի որ չենք գիտեր, թէ խօսքը ինչի մասին է` հիմա մեկնաբանութիւններ չ’ընեմ այդ իմաստով»:
Եզրափակելով` ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը նաեւ աւելցուց, որ քաղաքական կուսակցութիւններուն այսօր պէտք է առիթ տային ծաղկեպսակ տեղադրելու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն ներս. «Մենք այսօր հոս ենք, որովհետեւ այդ կարելիութենէն զրկուած են քաղաքական կուսակցութիւնները, եւ միայն պետական պատուիրակութիւններուն այդ առիթը ընծայուած է»: Արտակարգ դրութեան կարգը պահելով քաղաքական կուսակցութիւններուն այդ հնարաւորութիւնը պէտք է տրուէր: Մենք նախաձեռնութիւններու ծրագիր ունէինք: Նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը աւանդական «ջահերով երթի» խորհուրդը պահելու իմաստով ունէր փոքր ծրագիր, դժբախտաբար պարէտատունէն չարձագանգեցին, փորձեցինք կապ հաստատել, սակայն այդ առիթը չեղաւ»: