Սուրիոյ Խորհրդարանը 13 Փետրուար 2020-ի իր նիստին, միաձայնութեամբ ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ կատարուած է հայ ժողովուրդին դէմ՝ իր պապենական, հազարամեայ հողին վրայ: Թուրքերը այսպէս կոչուած Անատոլիայի գրաւումէն (Մեծ Հայք) եւ Օսմանեան Կայսրութեան կազմուած օրէն, վեց հարիւր տարուան ընթացքին, շրջանի բնիկ ժողովուրդները սպանեցին, հարստահարեցին եւ ստորնացուցին, բայց ամենամեծ ոճիրն ու զազրելի գործողութիւնը իրականացուցին  հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ ցեղասպանութեամբ եւ ցեղային զտումով, որ սկիզբ առաւ 1915-ին եւ երկարեցաւ մինչեւ 1921 թուական:
Պատմական ճշմարտութիւնը պիտի չծագէր իրաւականօրէն Սուրիոյ պաշտօնական բարձրագոյն ամպիոնէն, եթէ չըլլային խիզախ եւ արդարացի պատգամաւորներ՝ Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամներ, որոնք ներկայացնելով Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդը, բարձրացուցին իրաւունքի եւ իրաւացիութեան ջահը իր ամենավեհ կերպով, ի յայտ բերելով իրենց բարոյական ու ազնուական յատկանիշները: Ճանաչումի այս քայլը ո՛չ միայն խղճմտանքի եւ արդարացիութեան վեհ դրսեւորում էր, այլեւ պատասխան՝ թրքական ուրացումի ու ժխտումի քստմնելի քաղաքականութեան:
Սոյն որոշումը կը դատապարտէ միաժամանակ որեւէ կողմ կամ պետութիւն, որ կը փորձէ դրժել Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ աղաւաղել անոր պատմական ճշմարտութիւնը: Որոշումը դարձեալ կոչ կ’ուղղէ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն եւ միջազգային ընտանիքին, որպէսզի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեն զայն: Այս բանաձեւի որոշումը Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ յաւելեալ եւ ցայտուն ողջոյն ու յարգանք է Սուրիոյ արաբ վսեմ ժողովուրդին եւ պետութեան կողմէ, ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին։ Այս մէկը կը պարտաւորեցնէ մեզ երախտագիտական աւելի բարձր պատասխան ու մեծարանք տալու անոր:
Այս ճանաչումը պահի մը ծնունդ չէ, ինչպէս շատեր կը կարծեն, այլ հարիւր տարուան պատմութիւն ունի, երբ տեղահանուած ու ցեղասպանութեան ծրագիրին ենթարկուած հայ ժողովուրդի առաջին կարաւանները հասան Տէր Զօր, երկար ճանապարհ կտրելէ եւ տառապանքներու ենթարկուելէ ետք:
Սուրիական վսեմ հողը առաջինն էր, որ գրկաբաց ընդունեց հայ որբերը եւ Ցեղասպանութենէն վերապրողները: Հոս անհրաժեշտ է յատկապէս յիշել ծաղկաւէտ Հալէպ քաղաքը, որ հնարաւորութիւն տուաւ հայերուն շինելու իրենց առաջին բոյները՝ անոր բարեբեր ճիւղերուն վրայ եւ վերընձիւղելու իրենց կեանքը:
Խորին շնորհակալութիւն արաբ ժողովուրդին, որուն միանալով հայ ժողովուրդը երկրի ընկերութեան կարեւոր մէկ բաղադրիչը դարձաւ: Հայերը չզլացան իրենց ամէն ջանքն ու ջանասիրութիւնը ներդնելու Սուրիական Հայրենիքի բարօրութեան եւ ծաղկման համար, նոյնիսկ անոնք չխնայեցին իրենց կեանքին նուիրաբերումը Սուրիական Հայրենիքին: Այսպէս միաշաղուեցան երկու ժողովուրդներու արիւնն ու ճակատագիրը, արաբներու թշնամին եղաւ հայերուն ալ թշնամին, իսկ բարեկամը՝ բոլորին բարեկամ, մէկ կենսակերպ ու նպատակ՝ վասն վերածնունդի ու յառաջդիմութեան:
Խորին երախտագիտութիւն բոլոր արաբ կրօնական, յարանուանական եւ դաւանանքային պատկան հաւաքականութիւններուն: Յատուկ շնորհակալութիւն ամէն մէկ արաբի թոռնիկին, որուն մեծ հայրը օգնած է հայ որբուկի մը կամ վերապրածի մը:
Սուրիոյ Խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կը համալրէ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող շուրջ երեսունի հասնող երկիրներու շարքը եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ցանկը, սակայն Սուրիոյ Խորհրդարանի ընդունումը ունի ուրիշ «համ ու հոտ», որովհետեւ այն կու գայ առաջին ականատես երկրի պետութենէն: Այն երկրէն, որ դիմաւորեց եւ հիւրընկալեց հայոց առաջին կառաւանները, որոնց մեծամասնութիւնը եկաւ ներկայ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի մօտակայ շրջաններէն, նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակ չկային բաժնող սահմաններ այսօրուան նման, այլ Թուրքիան ու Սուրիան մաս կը կազմէին Օսմանեան Կայսրութեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Սուրիոյ արաբ ժողովուրդը առաջինն էր, որ նկատեց հիւսիսէն եկող հայկական կարաւանները։ Նոյն այն ժողովուրդն էր, որ առաջին անգամ օգնութեան ձեռք երկարեց աղէտեալ հայերուն եւ իր հացին ու հողին բաժնեկից դարձուց զանոնք: Արաբ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, ինչպէս ոստիկանական միաւորներ եւ զինուորական սպաներ, նոյնպէս օգնեցին հայերուն, հակառակ որ յաճախ միախառնուած էին թրքական ուժային կառոյցներուն հետ եւ յաճախ այդ իրողութիւնը իրենց թոյլ տուած էր տեղեակ ըլլալու տեղահանութեան եւ սպանութեան հրամաններուն, ինչպէս նաեւ տեղականալ թուրք մեծաւորներէն եկած հեռագիրներուն, հեռաւոր Իսթանպուլէն, կարաւաններուն բռնած ճամբաներուն, հայ երեւելի անձնաւորութիւններու հետ «պատշաճ» վերաբերմունքի ու սպանութեան հրահանգներուն ու մնացած որբերուն վերաբնակեցման ծրագիրներուն՝ Տէր Զօրի, Մասքանէի, Հալէպի, Համայի եւ տարբեր սուրիական քաղաքներու մէջ: Ինչպէս բարձրագոյն արաբ ղեկավարութիւնը, նոյնպէս արաբ ժողովրդային տարրը չզլացաւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն օգնութեան ձեռք երկարել:
Հաւանաբար կարգ մը հետեւողներ ըսեն, որ Սուրիան առաջին երկիրներէն պէտք է ըլլար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ ընդունող, սակայն այդ մէկը չիրականացաւ երկար տարիներ: Օրինակ՝ Ուրուկուէյի պէս երկիր մը, որ հազարաւոր մղոններ հեռու է Միջին Արեւելքէն՝ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը կարծենք, որ այդ մէկը չիրականացաւ՝ Սուրիոյ մէջ եղած քաղաքական երկար վերիվայրումներուն պատճառով եւ տարածաշրջանի մէջ առկայ քաղաքական հաւասարակշռութիւններուն հետեւանքով:
Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումն ու դատապարտումը կը համարուի առաջին կարգի վկայութիւն՝ իրողութեան մը, որ ոչ մէկ կասկածի առիթ կու տայ: Այս ճանաչումը տուեալ ժամանակին հազարաւոր անձերու տեսած ու վաւերագրած դէպքերուն շուրջ ճշմարտութեան վաւերացումն է, ինչպէս յիշեցինք վերը:
Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնանք նմանցնել խճանկարի վերագտնուած այն հիմնական մասին, որ եկաւ ամբողջացնելու պատկերը պատմական վաւերական ճշմարտութեան եւ արդարացիութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի համայնապատկերին մէջ:
Որքան կը փափաքէի, որ արաբական երկիրներու խորհրդարաններն ու արաբական Լիկան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի օրինակին հետեւելով ճանչնան ու դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ամբողջացնելով արաբներուն կողմէ Հայ Դատին նկատմամբ ցուցաբերուած բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը, իմանալով, որ Հայ ժողովուրդը վեց դար թրքական տիրապետութեան տակ ահռելի տառապանք կրած է եւ արաբ ժողովուրդին հետ բաժնեկցած՝  նոյն անարդարութեան ու տուայտանքներու ճանապարհը:
Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն Սուրիոյ խորհրդարանի ազնուական անդամներուն:
Յատուկ շնորհակալութիւն Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ գործող Սուրիական-Հայաստանեան խորհրդարաններու բարեկամութեան յանձնախումբի  անդամներուն մէկ առ մէկ եւ յատկապէս յանձնախումբի նախագահ՝ դոկտ. Նորա Արիսեանին:
Շնորհակալութիւն վսեմ ու մեծ Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին:
Աստուած պահէ եւ պահպանէ մեր երկիրը՝ Սուրիան ամէն չարիքէ:
Կիրակոս Գույումճեան
Թարգմանուած արաբերէնէ
Քուէյթ