Երկրի մը մամուլը կը նկատուի այն հիմնական աղբիւրներէն մէկը, որ ուղղակիօրէն կը փոխանցէ ժամանակաշրջանի մը պատմական իրողութիւնները: Ան իր քաղաքական, գաղափարական եւ վաւերագրական բովանդակալից նիւթերով կը հանդիսանայ նաեւ երկրի մը քաղաքական մշակոյթի հայելին:
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի հեղինակութեամբ եւ ջանքերով 2004-ին հրատարակուեցաւ 384 էջերէ բաղկացած «Հայոց Ցեղասպանութեան Արձագանգը Սուրիական Մամուլին Մէջ (1877-1930)» արաբերէն գիրքը, Լիբանանի «Ալ Զաքիրա» հրատարակչատան կողմէ:
Գիրքը լուսարձակի տակ կ’առնէ այն իրողութիւնը, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն հրատարակուած սուրիական մամուլը նուազ կարեւոր չէ եղած հայերուս համար: Մամուլը թափանցիկօրէն ներկայացուցած է երկրի այդ շրջանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքը, Օսմանեան Կայսրութեան էութիւնը եւ այդտեղ ապրող փոքրամասնութիւններուն իրավիճակը, ներառելով նաեւ հայութեան եւ  Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուած մօտաւորապէս 500 յօդուածներ, որոնց ընդմէջէն իսկ կարելի կ’ըլլայ վերլուծել սուրիացիներուն դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Գիրքը ի յայտ կը բերէ, թէ սուրիական մամուլը ինչպէս ներկայացուցած է հայութեան պատմութիւնը՝ տեղահանութենէն ցեղասպանութիւն, հայութեան Սուրիա ապաստանում, հասնելով սուրիահայ սփիւռքի կազմութեան: Նկատի ունենալով, որ այդ շրջանին Սուրիա եւս ենթակայ էր Օսմանեան Կայսրութեան, մամուլը հետապնդուած էր եւ անոր ազատութիւնը սահամանափակուած, որուն ազդեցութեան տակ խմբագիրները թէ յօդուածագիրները երկընտրանքի առջեւ գտնուած էին՝ ջարդէն մազապուրծ հայ ժողովուրդին օգնելու, միաժամանակ Օսմանեան տիրութենէն զգուշանալու համար: Նման կացութեան հետեւանքով էր որ Ապտ ալ Ռահման ալ Քաուաքիպիի տնօրինած «Ալ Շահպաա» թերթին հրատարակութիւնը երկու ամիսով կասեցուած էր, որովհետեւ թերթը  հայ ժողովուրդին կրած տառապանքին անդրադառնալով  պաշտպանած էր հայութիւնը (էջ 47):
Սուրիոյ ժողովուրդը այդ տարիներու գրեթէ բոլոր պատահարներուն ուղղակիօրէն ականատեսն էր, ուստի իր ներկայացուցած փաստերը եւ տեսակէտները եղան աւելի իրատեսական, մեծապէս ազդելով հանրային կարծիքին վրայ:
Գիրքը լուսարձակի տակ կ’առնէ այն իրողութիւնը նաեւ, որ 1915-ի նախօրեակին, սուրիական մամուլին մէջ կ’արտացոլար յատկապէս հայուն տիպարը,  որպէս աշխատասէր, ջանասէր, խելացի եւ զարգացած ազգ, ինչպէս նաեւ Սուլթանին կողմէ խոստացուած եւ դաշնագրերով վաւերացուած բարենորոգումներու հարցերը։ Նշեալ երկու հարցերուն մասին անդրադարձած են «Ալ Մուքթապաս»  եւ «Ալ Թաքքատոմ» թերթերը: Թերթերը յստակօրէն լուսարձակի տակ առած են նաեւ Օսմանեան Կայսրութեան թուրանական հսկայական պետութիւն կազմելու նպատակը, հայերը եւ արաբները թրքացնելով: Անոնք պարզած են, թէ ինչպէ՛ս 9 տարիքը չամբողջացուցած հայ փոքրիկները իրենց ծնողքէն հեռացնելով կը յանձնէին թուրք ընտանիքներու՝ պարտադրելով սորվիլ ու գործածել թրքերէնը (էջ 59): Միւս կողմէ 1914 Յունուարին հրատարակուած 86-րդ թիւով «Ալ Քապաս» թերթը կը յայտնէ, որ հայկական դատը իր վերջնական լուծումին կը հասնի, երբ հայերուն կը վերադարձուին գրաւուած բոլոր հողերը (էջ 57):
1915 եւ ցեղասպանութեան իրագործման ամենադժնդակ փուլ… 1916, 1917 եւ 1918  թուականներուն արդէն սուրիական մամուլի «Ալ Քալամ ալ Հատիտի», «Ալ Մուսթաքպէլ» եւ «Ալ Աֆքար» թերթերը սկսած էին օգտագործել ցեղասպանութիւն եզրը (էջ 70):
Գիրքը ընթերցելով կը պարզուի, որ 1915-էն սկսեալ, վերեւ նշուած թերթերուն կողքին, «Ալ Մուքթապաս» եւ «Ալ Քապաս» թերթերը մանրամասնութեամբ ներկայացուցած, քննած եւ քննարկած են Օսմանեան Կայսրութեան իրագործած խոշտանգումներուն միջոցները, հայկական գիւղերէն բռնի տեղահանութեան հարցը, թուրք զինուորներու բարբարոսութիւնն ու վայրագութիւնը եւ արաբ ժողովուրդին մէջ հայերուն հանդէպ ատելութիւն սերմանելու անոնց ջանքերը:
Ըստ նշուած գիրքին սուրիական մամուլը Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառներէն մէկը համարած է տարբեր բնագաւառներուն մէջ զարգացած եւ յառաջադէմ հայութիւնը Թուրքիոյ մէջ որպէս ապառնալիք ներկայացնելու օսմանեան նենգամտութիւնը: «Ալ Պասիր» եւ «Ալ Քապաս» թերթերը մատնանշած են, որ Օսմանեան Կայսրութեան դիւանագէտները լաւապէս օգտագործած են քիւրտերուն տգիտութիւնը, զանոնք համոզելով ջարդելու հայ ժողովուրդը, մտածելով թէ այսպիսով իրենք ամբողջապէս պիտի ձերբազատէին յանցանքէն (էջ 72): Իսկ «Ալ Քալամ Ալ Հատիտի» թերթը յայտնած է, թէ այդ շրջանին թուրքերը դարձեր էին Գերմանիոյ գերին, սակայն այս հարցին ականատես Գերմանիոյ պետութեան որեւէ քայլի չդիմելը կը փաստէ, որ Գերմանիա եւս մեծ դեր ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ, իսկ «Ալ Մուսթաքպէլ» թերթը յայտնած է, թէ հայկական գիւղերու տեղահանութեան եւ ջարդի հրամանները կը տրուէին Էնվէր փաշային կողմէ (էջ 73):
Գիրքին համաձայն, «Ալ Մուքթապաս» թերթը շեշտած է նաեւ, թէ հակառակ անոր որ Օսմանեան Կայսրութիւնը արաբներուն եւս պարտադրած էր շարունակել իրենց հողերուն հասած հայերուն ջարդը, սակայն արաբ ժողովուրդը ոչ միայն չէր ենթարկուած հրահանգին, այլեւ գրկաբաց  ընդունած էր հայերը եւ հոգատարութիւն ցուցաբերած անոնց, այս իրողութիւնը պատճառ դարձած էր, որ Սուրիան եւս պատիժի ենթարկուի (էջ 73): Նշեալ թերթը այլ թիւով մը փաստեր ներկայացուցած է, թէ հայերը Սուրիա ապաստանելէ ետք ինչպէս մտերմացած են արաբ ժողուրդին հետ եւ ջանք թափած Սուրիոյ բարգաւաճման ի խնդիր՝ տնտեսական եւ այլ բնագաւառներէ ներս: Գիքին համաձայն, «Ալ Աֆքար» թերթը  պարզելով, թէ արաբներ ինչպէս օգնութիւն ցուցաբերած են հայերուն, ապացուցած է, որ ցեղասպանութիւնը կրօնական հիմքերու վրայ չէր եղած երբեք (էջ 74):
Արիսեանի համաձայն, 1922-ին, «Ալէֆ-Պաա» օրաթերթը յայտնած է, թէ տակաւին կը շարունակուին հայերուն բռնի տեղափոխումը դէպի Սուրիա. այս թերթին մէջ մեծ տեղ գրաւած է նաեւ Իզմիրի արեւմտաեան բաժինին հրկիզումը, որ գրեթէ ոչնչացուցած է հայկական եւ քրիստոնէական թաղամասերը, նոյն թուականին, այլ  թիւով մը թերթը յայտնած է, որ պատահածը զարհուրելի էր, թաղերը լեցուած էին դիակներով եւ անոնց գարշելի հոտով, իսկ թուրքեր փախչիլ փորձող աղջիկներուն թէ փոքրերուն վրայ յարձակելով կը մորթէին զանոնք, այդ օրէն ետք Իզմիրի մէջ ոչ մէկ հայ մնացած էր (էջ 76-77):
Այլ բաժինով մը գիրքին մէջ կը յիշուի, որ «Ալ Մուքթապաս» թերթը 1926-ին հրատարակուած իր 4618-րդ թիւով յայտնած է, թէ քեմալական կառավարութիւնը եւս փոքրամասնութիւններուն կը ստիպէ հրաժարիլ իրենց իրաւունքներէն, իսկ 1927-ի իր 4695-րդ թիւով կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նիւթական հատուցումներ պիտի կատարէ ջարդերուն պատճառով վնասուած թուրք ընտանիքներուն, որոնցմէ են Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաներու ընտանիքները, իսկ մատուցուած նուէրը բռնի գաղթած հայերուն ապարանքներն են (էջ 77): Վերոնշեալ թերթը «Գաղթականները եւ Հայերը» յօդուածով յայտնած է, որ 1924-ին Թուրքիայէն գաղթելով Սուրիա ապաստանածներուն թիւը հասած է 150.000-ի (էջ 78):
Միւս կողմէ 1924-ին «Ալ Թաքքատոմ» թերթը յայտնած է, որ Թուրքիոյ կողմէ ուրացման բոլոր դրսեւորումները անօգուտ եղած են, նախօրօք ծրագրուած եւ լաւապէս պատրաստուած ծրագիր էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ իրագործուեցաւ եւ որուն զոհ գնաց մօտաւոր 1.000.000 հայ (էջ 78):
Արիսեան գիրքին մէջ ցուցակներով ներկայացուցած է նաեւ Սուրիոյ մամուլին մէջ տեղ գտած հայութեան եւ ցեղասպանութեան վերաբերող յօդուածներուն մատենագրութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրած թերթերուն օրինակները, յիշելով որ բոլորը կը պահուին Դամասկոսի «Ալ Ասատ» գրադարանէն ներս:
Յաջորդող ժամանակաշրջանին սուրիահայեր Սուրիոյ մամուլին մէջ ընդհանրապէս յիշուեցան իրենց գրաւած դիրքերով, կատարած գործերով, այլազան մարզերէ ներս ունեցած ստեղծագործութիւններով, միեւնոյն ժամանակ Սուրիական Հանրապետութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութեամբ:
Գիրքը ընթերցողը կ’ըմբռնէ, որ Սուրիոյ գրողները, լրագրողները 1920-ական թուականներէն իսկ յայտնաբերած են Օսմանեան Կայսրութեան եւ Էնվէր փաշայի բարբարոսութիւնները, անոնց ծրագրած դժոխային արարքը եւ հայերուն ապրած ահաւոր ջարդը, ապագային անդրադառնալով նաեւ վերապրած հայերուն ժրաջանութեան, արի ոգիին ու աշխատասիրութեան:
Նոյն այս ժողովուրդը ներկայացնող Սուրիոյ խորհրդարանը 13 Փետրուար 2020-ին միաձայնութեամբ ճանչցաւ եւ դատապարտեց Օսնամեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս որոշումի գոյացման ենթահողը ստեղծած էին նոյնինքն հեղինակը իր հետեւողական աշխատանքով ու մասնագիտական մօտեցումով, Սուրիոյ խորհրդարանի յաջորդական հայ երեսփոխաններն ու Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբերը:
Ցեղասպանութեան մասին փաստեր, յօդուածներ, ականատեսներու պատմութիւններ տեղ գրաւած են նաեւ ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ, Պուլկարիոյ, Քանատայի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մամուլին մէջ:
Ողջունելի աշխատանք մըն է իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող  դոկտ. Նորա Արիսեանի այս հրատարակութիւնը: Փափաքելի է տեսնել նաեւ  գիրքին հայերէն, թրքերէն եւ այլ լեզուներու թարգմանութիւնը, որպէսզի ան որպէս սկզբնաղբիւր ծառայէ գիտաշխատողներուն:
Պէթի Մարգէեան