«Երկիր».-Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան տեսակապ հաստատած է Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու նորանշանակ փոխնախագահ Աննա Պիերտէի եւ նոյն պաշտօնով իր լիազօրութիւնները ունեցող Սիրիլ Միւլերի հետ:

Մհեր Գրիգորեան բարձր  գնահատած է Համաշխարհային դրամատան հետ գործակցութիւնը յատկապէս այս շրջանին:

Փոխվարչապետը իր երախտիքի խօսքը յայտնած է պարոն Միւլերին կատարած մեծածաւալ աշխատանքին համար եւ նշած է, որ պատիւ է  համագործակցիլ այսպիսի խոր գիտելիքներով եւ մասնագիտական հմտութիւններով պաշտօնեայի հետ` ընդգծելով, որ ան մշտապէս մեր երկրի բարեկամը պիտի ըլլայ:

Տեսակապի ընթացքին հայկական կողմը ՀԲ պատուիրակութեան ներկայացուցած է  համավարակի ընկերային եւ տնտեսական հետեւանքներու չէզոքացման ուղղուած նախաձեռնութիւնները`դիտել տալով, որ անոնք  ՀԲ խորհրդատուութիւններու շնորհիւ շարունակաբար բարեփոխումներու կ’ենթարկուին` դառնալով առաւել արդիւնաւէտ:

Սիրիլ Միւլեր բարձր  գնահատած է պսակաձեւ ժահրի տարածումը կանխելու եւ բնակչութեան ու տնտեսութեան համար  հետեւանքները չէզոքացնելու համար կառավարութեան ձեռնարկուած քայլերը: Իսկ նորանշանակ նախագահ Աննա Պիերտէն յայտնած է, որ Համաշխարհային դրամատունը կառավարութեան այս կարեւոր փուլին մէջ պատրաստակամ է շարունակելու աջակցութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր  փոխանակած են տնտեսական ոլորտէն ներս Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման շուրջ: