«Ասպարէզ».- Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով ի մի եկած գաղութային կազմակերպութիւնները՝ Միացեալ Հայերու Լոս Անճելըսի Խորհուրդը (UACLA), Միացեալ Հայ Երիտասարդները (UYA) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը (AGC), նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրին պարտադրած սահմանափակումները, որոշած էին մինչեւ 24 Ապրիլ իրականացնել դրամահաւաք մը, օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար 1․5 միլիոն կարիքաւորներու։

26 Ապրիլին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Թուիթըր»ի կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ ակնկալուած գումարէն առաւել քան երեք անգամը կարելի եղած է հաւաքել եւ այս արշաւին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ 5 միլիոն կարիքաւորներու ուտեստեղէն ապահովել, Հայոց Ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն զոհերուն յիշատակին։

Ուտեստեղէնը կարիքաւորներուն պիտի հասնի «Feeding America» կազմակերպութեան միջոցաւ։