Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւնները կը շարունակուին: Համավարակի կանխարգիլման համաձայն անոնք յատուկ ձեւաչափերով կ’իրականան: Այդպէս է աշխարհի բոլոր կէտերուն մէջ, Սփիւռքի գաղթօջախներէն ներս նաեւ:
Տեսակապով «Երկիրն Այսօր»ը զրուցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի հետ: