«Արմէնփրէս».-Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկկողմ գործակցութեան վիճակն ու զարգացման հեռանկարները: Կողմերը ընդգծած են ուքրանացի եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ պատմական ամուր կապերը: Նախարարները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են նաեւ առեւտուրի զարգացման եւ տնտեսական երկխօսութեան խորացման հարցերուն: Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները դրական գնահատած են հայ եւ ուքրանացի քաղաքացիներու վերադարձի հարցով փոխգործակցութիւնը եւ փոխանակած են COVID-19 հետեւանքներու յաղթահարման փորձը:
Պարբերականին մեկնաբանութիւն տալով` Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեան կարեւոր համարած է նման մակարդակի պաշտօնական շփումները: ՈւՀՄ ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ այսուհետեւ նմանատիպ շփումները աւելի յաճախ տեղի պիտի ունենան:
«Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ ԱԳ նախարարներու շփումները մեծ յոյս կը ներշնչեն», ըսած է Շատուորեան:

Լիլիթ Թեմուրեան