Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան մէջ 20-րդ դարու առաջին մեծ ցեղասպանութիւնն է, որուն հետեւանքով հայ խաղաղասէր ժողովուրդը զրկուեցաւ պապենական իր հողերուն վրայ ապրելու աստուածատուր իրաւունքէն, սակայն ի գին մահուան պայքարելով՝ շարունակեց պահել իր գոյութիւնը:
Արտակարգ այս վիճակին մէջ, մենք կը յիշենք ցեղասպան եւ ջարդարար թուրքին ոճիրը ու պաճանջատէր կը մնանք սրբադասուած նահատակներու իրաւունքներուն նկատմամբ:
Թուրքը որոշած էր բնաջինջ ընել հայ ազգը, թողելով մէկ հոգի՝ այն ալ թանգարանին մէջ:
Այսօր թէկուզ տուներու մէջ, համացանցով կամ այլ միջոցներով կը յիշատակենք 24 Ապրիլը, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը, յարգելու յիշատակը մեր 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն՝ սրբադասուած նահատակներուն: Սա մեր նուազագոյն պարտականութիւնն է իրենց հանդէպ: Հայը երախտագէտ է եւ հաւատարիմ, ուստի բարձր կը գնահատենք Սուրիական Հայրենիքին եւ ժողովուրդին բարենպաստ կեցուածքը, որոնք ընդգրկեցին մեր բեկորները, որբերը եւ պահպանեցին զանոնք ընդդէմ բոլոր տեսակի վտանգներուն եւ վնասներուն:
Այսօր մեր հայրենակիցները հայրենիքէն ժամանած են սուրիական անապատային տարածքները ականազերծելու՝ փրկելու համար թոռնիկները այն մարդոց, որոնք 100 տարի առաջ թուրքին ճիրաններէն փրկեցին մեր բեկորներն ու որբերը նոյն տարածաշրջանին մէջ: Երբե՛ք կարելի չէ մոռնալ նոյն ոճրագործին արիւնարբու արարքը Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ, երբ վայրագօրէն խլեց խաղաղ բնակչութեան ապահով կեանքը, կրկնելով 100 տարի առաջ գործադրած իր մարդասպան քաղաքականութիւնը:
Բարձր կը գնահատենք սուրիական պետականութեան եւ Խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, որովհետեւ ամէն ժայռ, ամէն փոս, ամէն ձոր ու հովիտ, Եփրատը, Մարկատէն եւ Շատտատէն կը վկայեն ցեղասպան թուրքին ոճիրը:
Այստեղ երախտագիտութեամբ կը յիշենք եւ չենք մոռնար Վսեմաշուք Նախագահին մեծ հօր կեցուածքը, որ կարգ մը հայերու կեանքը փրկելու համար ենթարկուեցաւ ժանտարմաներու պատիժի եւ չարչարանքի, բայց պահեց ու փրկեց իր մօտ ապաստան գտած հայերուն կեանքը:
Փառք ու պատիւ Սուրիական Հայրենիքին: Փառք ու պատիւ Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշար ալ Ասատին:
Կեցցէ՛ սուրիական-հայկական եղբայրակցութիւնը:
Կեցցէ՛ Հայաստանը:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:
Մահ ջարդարար թուրքին:

Անդրանիկ Պօղոսեան
Տնօրէն Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան
Երկրդ. Վարժարանի