«Էրմէնիհապեր».-24 Ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած եւ մահուան դատապարտուած արեւմտահայ մեծանուն գրող Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւնները թրքերէնի թարգմանուած են:

Իսթանպուլի հայկական «Արաս» հրատարակչութիւնը Օհաննէս Շաշկալի  թարգմանութեամբ հրատարակած է «Հացին Երգը» ժողովածուն:

Անդրադառնալով Վարուժանի ստեղծագործութեան ու ժողովածուի թարգմանութեան` թրքական «Gazete Duvar» թերթը կը գրէ․ «Հացի Երգիչը» ապրուստի հիմնական աղբիւր հանդիսացող գիւղական կեանքը ծայր աստիճան մանրամասն, աշխոյժ եւ կրքոտ լեզուով բանաստեղծութեան վերածած է»: