ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐՈՆԵԱՆ ՖԻՏԷ-Ի ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԻ 7-ՐԴ ԴԻՐՔԸ ԳՐԱՒԵՑ
Հայկական ճատրակի ախոյեան Լեւոն Արոնեան կրկին գրաւեց ՖԻՏԷ-ի դասաւորման 7-րդ դիրքը:  «Արմէնփրէս»ի Փոխանցումին համաձայն,  Արոնեան պահպանած է դիրքը եւ նախորդ ամսուան պէս ապահոված  7-րդ հորիզոնականը: Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ աշխարհի ախոյեան Մագնիւս Քարլսըըն, Ֆապիանօ Կարուանան, Դին Լիժենը, Եան Նեպոմնեաշչին, Մաքսիմ Վաշիէ-Լագրաւը, Ալեքսանտր Գրիշչուկը, Ուեսլի Սոն, Թէյմուր Ռաջափովը եւ  Անի Գիրին: Հայաստանէն, Լաւագոյն 100 ճատրակ խաղացողներու ցանկին մէջ են նաեւ Գաբրիէլ Սարգսեանը (53-րդ), Կարէն Գրիգորեանը (71-րդ), Հրանդ Մելքումեանը (77-րդ) եւ Սէրգէյ  Մովսէսեանը (99-րդ):
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ
Ֆրանսայի ֆութպոլի դաշնութեան որոշումով դադրած յայտարարուեցաւ Ֆրանսայի 2019-2020 տարեշրջանը: Կոմիտէին որոշումով Ֆրանսայի ախոյեան յայտարարուեցաւ աղիւսակի առաջին դիրքը գրաւող Փարիզ Սան Ժերմանը, որ նախքան մրցաշարքի պաշտօնական աւարտը տասը շաբաթներով, կը գլխաւորէր աղիւսակը, իրմէ ետք 12 կէտերու տարբերութեամբ գալով Օլոմփիք Մարսիլիան: Ռոյթըրզ յայտնեց, թէ Ֆրանսայի ֆութպոլի դաշնութիւնը իրագործեց երկրի կառավարութեան նախագահին որոշումը, որ դադրած յայտարարած էր երկրին բոլոր մարզական մրցաշարքերը պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով:
ԻՏԱԼԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՍԿՍԻՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐԸ
Իտալիոյ կառավարութիւնը երկրի մարզական ակումբներուն թելադրեց վերսկսիլ մարզական փորձերը՝ յարգելով ապահովական եւ առողջապահական բոլոր պայմանները, ինչպէս նաեւ  պահպանելով խաղացողներու հեռաւորութիւնը եւ փորձերը կատարելով առանձին փոքր խումբերով: Նախապէս տեղեկութիւններ կային, որ Իտալիոյ ֆութպոլի առաջնութիւնը կրնայ ժամանակէն առաջ աւարտիլ, եթէ այս մրցաշրջանը չվերսկսի մինչեւ  14 Յունիս: Յառաջիկայ օրերուն պիտի որոշուի Սերիա Ա.-ի վերսկսման ժամանակը: Աւելցնենք, որ աշխարհատարած պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով, ինչպէս բոլոր երկիրներու, նոյնպէս ալ Իտալիոյ մէջ 13 Մարտին դադրեցան ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Վերսկսման պարագային, անոնք տեղի պիտի ունենան դռնփակ դաշտերու մէջ՝ առանց հանդիսատեսի:
ՌՈԼԱՆՏ ՔՈՄԱՆ  ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԵՑԱՒ
Հոլանտայի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռոլանտ Քոման, անհանգստութեան պատճառով հիւանդանոց տեղափոխուեցաւ:  Telegraf.nl-ի համաձայն, 57-ամեայ Քոմանի ինքնազգացողութիւնը վատացած էր, որուն համար  շտապ օգնութեան ինքնաշարժով զայն փոխադրած էին հիւանդանոց:  Ըստ շրջանառուող լուրերուն, Քոման ունի սրտի առողջական հարցեր: Բժիշկները յաջողած են կայուն դարձնել անոր վիճակը:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԹԵՆԻՍԻ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՃՇԴՈՒԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
Ամերիկայի թենիսի բաց մրցաշարքի կազմակերպիչ մարմինը յայտարարեց, որ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ նախապէս ճշդուած ժամանակին: Ըստ կազմակերպիչներուն, յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, ուր պիտի յայտարարուի մրցաշարքին առնչուող բոլոր որոշումները:  Շրջանառուող տեղեկութիւններուն համաձայն, պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով կարելի է սոյն մրցաշարքը դռնփակ կատարել, բայց եթէ մինչեւ թուականը ընթացքը լաւ ըլլայ, հաւանաբար սովորական մրցաշարք կազմակերպուի՝ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ:  Աւելցնենք, որ մրցաշարքի թուական նախատեսուած էր 24 Օգոստոսէն 13 Սեպտեմբերը: Նախկին տարեշրջանի ախոյեանն էր սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան