Վահէ-Վահեան ինչո՞ւ կրակ ժայթքած էր Բենիամին Նուրիկեանի երեսին։

   Կը փորձուիմ կարկինը լայն բանալ, նախ՝ որպէսզի սփիւռքահայ գրականութեան հին շրջաններուն պատկանող խռովայոյզ դէպք մը հասու դառնայ նոր սերունդին, ապա՝ որպէսզի կարելի ըլլայ մեկնաբանել Վահէ-Վահեանի նամակէն ցոլացող արտասովոր զայրոյթին դրդապատճառը։

   Ուրեմն, այդ տարի, 1946-ին, արտասահմանի տարբեր գաղութներուն մէջ ծրագրուած էր նշել մեծանուն գրագէտ եւ գրաքննադատ Յակոբ Օշականի գրական եւ ուսուցչական գործունէութեան քառասնամեակը։ Երուսաղէմէն սկսեալ, մինչեւ Հալէպ ու Ամերիկա՝ կազմուած էին «Յոբելենական յանձնախումբ»եր, պարտն ու պատշաճը տնօրինելու համար։

   Մամլոյ ու գրական շրջանակներէ ներս անօրինակ վլվլուկ մը պիտի փրթէր սակայն՝ երբ Օշական Հալէպի «Նայիրի» ամսագրին նոյն տարուան Փետրուարի թիւին մէջ կը ստորագրէր տեսական-քննադատական բաւական ծանր ու վիճելի յօդուած մը (ասիկա սոսկ հատուած մըն էր՝ աւելի ետք առանձին գիրքով Հալէպ հրատարակուած իր «Վկայութիւն Մը» գործէն), ուր հայաստանեան (խորհրդահայ) գրականութիւնը իր ընդհանրութեանը մէջ «վրիպանք» մը կը նկատէր…։ Օշական չէր խնայեր նոյնիսկ անուանի վիպագիրներ Դերենիկ Դեմիրճեանին ու Ստեփան Զօրեանին, բանաստեղծներ Յովհ. Շիրազին ու Սարմէնին…։

   Ծրագրուած յոբելեանի անմիջական նախօրէին պայթեցուած այս ռումբը ոտքի՛ կը հանէր գաղութահայ թերթերու կարեւոր մէկ մասը («յառաջդիմական» ճակատին պատկան) եւ ընդվզումի կը մղէր զայն։

   Պահ մը կը փոթորկէր բովանդակ սփիւռքը։

   Բազմատասնեակ մոլեգին յօդուածներ կը գրուէին Օշականի դէմ՝ զինք ամբաստանելով իբրեւ «հակահայաստանեան», «հայրենադաւ» եւ «Սովետական Հայաստանի ժողովուրդին ու գրականութեան ուխտեալ թշնամի»։

   Դաւաճանութեան մեղադրանքին տակ կ’իյնար նաեւ «Նայիրի» ամսագիրն ու անոր խմբագիրը՝ Անդրանիկ Ծառուկեան։

   Հակաօշականեան թերթերը գրագէտին տեսակէտները դուրս կը քաշէին իրենց գրական պարունակէն եւ անոնց կու տային քաղաքական շեշտակի երանգ։

   Մթնոլորտը այնքան կը շիկանար, որ լիբանանահայ խումբ մը թերթեր հաւաքաբար բողոք-յուշագիր մը կը յղէին Երուսաղէմի հայոց Կիւրեղ պատրիարքին, պահանջելով որ վերջ տրուի Օշականի ուսուցչական պաշտօնին՝ Ս. Յակոբեանց վանքէն ներս։ Իսկ Հալէպի մէջ, ընդդիմադիր շրջանակները կը դիմէին աննախընթաց քայլի մը՝ Օշականի յոբելեանէն ճիշդ մէկ օր առաջ հայկական դպրոցի մը (Կիլիկեան վարժարան) յարկին տակ սարքելով… «Հակակրանքի երեկոյ» մը։ (Ի դէպ, Հալէպի «Եփրատ» օրաթերթի 1/5/1946-ի թիւին մէջ կրցանք գտնել հակաօշականեան ձեռնարկին ծանուցագիրը, որ ներկայացուած է իբրեւ «Հրապարակային դասախօսութիւն» մը, նիւթ ունենալով՝ «Սովետահայ գրականութիւնը»։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է այդ օրերու «Սովետական Հայաստանի հետ Մշակութային Կապի Հալէպահայ Ընկերակցութեան» կողմէ։ Օրուան բանախօսները եղած են Մարտիրոս Գուշակճեան, Երուանդ Պապայեան, Ազատ Եափուճեան եւ Յակոբ Ալեքսանեան)։

   «Նայիրի», իր յաջորդ թիւով (Ապրիլ-Մայիս 1946), վլվլուկին կը հակազդէր բուռն կերպով։ Կը հաղորդէր որ հալէպահայութիւնը Օշականը մեծարեց «հայ անունին վայել շքեղութեամբ ու լրջութեամբ», Սինեմա Ռոքսիի մէջ, Մայիսի 1-ին, 1200 հոգիի ներկայութեան։ «Օշական Հալէպ ժամանեց իբրեւ իշխան ու մեկնեցաւ որպէս արքա՛յ», կը գրէր ամսագիրը։ Նոյն թիւով՝ ալեւոր գրագէտը եւս հարկ կը զգար հակազդել իր անձին դէմ շղթայազերծուած խաչակրութեան, առանձին յօդուածով մը ցաւ յայտնելով թէ զինք «շրջուած հասկցած են»…։

   Փոթորիկը չէր հանդարտեր սակայն։ Կը շարունակուէր հակաօշականեան յօդուածներու տարափը դեռ երկար ամիսներ։ Այս անգամ ալ, ոմանք կը գրէին թէ Օշական երբեք թոյլ տալու չէր որ իր յոբելենական հանդէսներուն երգուէր «Մեր Հայրենիք Թշուառ Անտէր»-ը, կամ պարզուէր հակահայաստանեան շարժումին հոմանիշ դարձած Եռագոյն դրօշը…։

   Այս թոհուբոհին մէջ է ահա, երբ Բենիամին Նուրիկեան Նիւ Եորքէն նամակ մը կը յղէր Ծառուկեանին, եւ այդ նամակը եւս կը հրապարակուէր «Նայիրի»-ի մէջ։ Նուրիկեան թերթերու մէջ կարդացեր էր փոթորիկին արձագանգները եւ առաջին տպաւորութեամբ՝ յուզուած, առանց տակաւին ընթերցած ըլլալու Օշականի խնդրայարոյց գրութիւնը (որուն համամիտ պիտի չըլլար ի՛նք եւս, հետագային)։ «Չսիրեցի իր դէմ արձակուած ամբաստանութեան եղանակը, մանաւանդ ոգին, որ առնուազն նեղմտութիւն կը հոտի», կը գրէր ան Ծառուկեանին։

   Այս նամակն է ահա, որ իր կարգին, ջղագրգռութեան պիտի մղէր Վահէ-Վահեանը…

    Կարդա՛նք Վահէ-Վահեանի նամակէն (Օգոստ. 1946) հատուածներ ու տեսնենք թէ ինչե՞ր կ’ըսէ ան Նուրիկեանին, զգալիօրէն կրքոտ ոճով մը.

   – Աշխարհի վրայ չկայ պատճառ մը որ կարենայ արդարացնել՝ ձեր կողմէ եւ Ծառուկեանին ուղղուած այդ նամակին գրուիլը։ Օշականին դէմ եղածը ժողովրդային պոռթկում մըն էր՝ արարքի մը դէմ, որ ոչինչով պակաս է հայրենադաւութենէն։ Պարկեշտ բան չէ գաղափարի եւ խօսքի ազատութեան անունով  պաշտպանել հայրենադաւութիւնը։ Ձեր «պարզամիտ վարժապետ»ը անգլիական գաղտնի սպասարկութեան  հայ պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ ժամանեց Հալէպ իբրեւ «իշխան» ու մեկնեցաւ իբրեւ «արքայ»։ Դառն այս տողերը պիտի չգրէիեթէ շատ չսիրէի ձեզու սէրիս եւ համարումիս մէջ վիրաւորուած չըլլայի։ Օշականի խնդրին մէջ անիրաւ կողմն էքեւ պէ՛տք է սրբագրէք ձեր սխալը։

   Օշականի դէմ խաչակրութիւնը, թէեւ նուազ ուժգնութեամբ, պիտի շարունակուէր մինչեւ անոր յանկարծական մահը, Հալէպի մէջ, 17 Փետրուար 1948-ին։

    Հետաքրքրուած եմ։ Վահէ-Վահեան բան մը գրե՞ց արդեօք Օշականի մահուան առթիւ, իր «Անի» ամսագրին մէջ։

   Կը բանամ «Անի»-ի Փետրուար 1948-ի թիւը։ Այո՛, հո՛ն է Յակոբ Օշական՝ իր լուսանկարով ու 3 լայն էջեր գրաւող ընդարձակ մահագրականով մը, զոր ստորագրած է… Վահէ-Վահեան։ Կը կարդամ դանդաղօրէն եւ ուշադրութեամբ։ Մահախօսը յայտնի կը դարձնէ, թէ բնաւ չ’ուրանար «մեծավաստակ ողբացեալ»ին վիթխարի արժանիքները՝ որպէս գրաքննադատ ու վիպագիր, կը նշէ սակայն, թէ  Օշական «հոգեկան առեղծուածային վիճակ մը» ունէր ու հետզհետէ իր մէջ կ’աճէին իր «նախապաշարեալ ատելութիւններն ու քէները»։ «Այդ երեւոյթը,– կը գրէ Վահէ-Վահեան,– հասաւ ա՛յնքան ցաւալի համեմատութեան, որքան մեծ եղաւ իր զառածումը գրականութենէն դէպի քաղաքականութիւն։ Երբ ուրացումներու եւ միշտ անապացոյց բայց ծանրակշիռ ամբաստանութիւններու իր ոստայնը տարածեց մեր Հայրենիքին ո՛չ միայն գրական արտադրութիւններուն, այլ նաեւ՝ ազգային ու քաղաքական ձգտումներուն եւ արարքներուն վրայ, տեղի տուաւ ընդհանուր զայրոյթի մը, որ ստացաւ տարերային բնոյթ եւ իր կարգին ինկաւ ափսոսալի ծայրայեղութիւններու մէջ»։

   Վահեան համոզում կը յայտնէ, որ երկու տարի առաջ ընդվզումի առիթ տուած Օշականի կարգ մը տեսակէտները «գրչի դժբախտ հարուածներ» էին, որոնք նենգամտօրէն շահարկուեցան իր շուրջը բոլորուող մարդոց կողմէ…

   «Գրողը, արուեստագէտը, ժողովուրդին մարդը՝ հանրային սեփականութիւններ են իրենց անձովն ու գործերովը, եւ հետեւաբար միշտ ենթակայ՝ հանրութեան դատաստանին, պարկեշտութեան եւ պատշաճութեան սահմանին մէջ անշուշտ։ Բայց հիմա, յանկարծահաս իր շիջումին անմիջական վաղորդայնին, մեր պարտականութիւնը, ամէն բանէ առաջ՝ զգաստ այն յարգանքն է, որուն իրաւունքն են շահած յիշատակն ու գործը մարդու մը, որ շքեղ ջերմեռանդութեամբ մը նուիրուեցաւ մեր գրականութեան, ու գրեթէ կիսադարեան վիթխարի երկունքով մը տուաւ յիսնեակ մը հատորներ, սփիւռքի մէջ հայ ուսուցիչի փշապսակն ալ կրելով իր ճակատին», կ’եզրափակէր Վահեան։

 

*

   1969-ին, երբ Նուրիկեան Հայաստան հրաւիրուեր էր Թումանեանի 100-ամեակի հանդիսութիւններուն առիթով, ուղղակի շշմեր էր՝ գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստներու նկատմամբ ցուցաբերուած պետական հոգածութեան ու ժողովրդային հետաքրքրութեան ի տես։ Այս մասին արտայայտուեր էր վերին աստիճանի խանդավառութեամբ.

   – Ո՞ր հայ գրողը երբեւէ կարող էր երազել, որ համաժողովրդական ու համապետական տօնախմբութեան, փառատօնի կը վերածուի իր ծնունդը, եւ մի փոքրաթիւ ազգ մի ամբողջ շաբաթ նման հանդիսաւորութեամբ կը նշի գրողի յոբելեանը։ Ես Ամերիկայում երբեք չեմ տեսել գրողի հանդէպ նման մեծարանք։ Իտալիայում մեծ Տանթէի յոբելեանին վերջերս լոկ մի երեկոյ յատկացրին։ Տանթէական դժոխքի տառապանքներից փրկուած ու վերածնուած մեր ժողովո՛ւրդը միայն կարող էր նման շուքով տօնել իր ազգային գրողի յոբելեանը՝ ի պատիւ մեր սիրելի, մեր կենսատու հայ գրականութեան։ Թումանեանական այս փառատօնը, Արարատի նման, յար ու յաւիտեան մնալու է իմ հոգում (տե՛ս Ստեփան Կուրտիկեան, «Արտասահմանի Հայ Գրողների Հետ», Երեւան, 1984, էջ 272)։

   Բարեբախտաբար, իր կեանքի վերջալոյսին, երկիցս, Բենիամին Նուրիկեան մեծարուեցաւ ու պատուուեցաւ ի՛նք եւս։ Իր ծննդեան 80-ամեակը գրական հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Պէյրութի մէջ, 15 Յունուար 1975-ին, Թէքէեան Մշակ. Միութեան նախաձեռնութեամբ։ Իսկ ամերիկահայութիւնը, տարբեր նահանգներու մէջ (Նիւ Եորք, Փրաւիտենս), հրապարակաւ մեծարեց իր ծերունազարդ գրագէտը 1979-ին, անոր ծննդեան 85-ամեակին առիթով։

   Յոգնած էր արդէն վաստակաւոր գրագէտը։ Ականջները ծանրացեր էին, տեսողութիւնը կը նահանջէր…։ Իր կեանքին վերջին երեք տարիները ան ապաստան ու հոգածութիւն պիտի փնտռէր Լոս Անճելըսի Հայ Տարեցներու «Արարատ» Տան մէջ՝ հետզհետէ աւելի՛ քայքայուելով Ֆիզիքապէս եւ տակաւ կորսնցնելով իր մտքին պայծառութիւնն ալ…

   Մահը կը խլէր զինք այս անցաւոր աշխարհէն 6 Փետրուար 1988-ին, 94 տարեկանին։  Մարմինը հողին կը յանձնուէր Նիւ Ճըրզի։

   Կը մեկնէր՝ Թլկատինցիի տաքուկ շունչը իր մէջ, կը մեկնէր՝ «պանդուխտ հոգի»ով…

(Վերջ)
Լեւոն Շառոյեան