Ուրբաթ, 8 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուած երկու նոր պարագաներ արձանագրուեցան, իսկ երկու վարակուածներ ալ բուժուեցան։
Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 47-ի, մահացածներունը՝ 3-ի,իսկ բուժուածներունը՝ 29-ի։