«Արմէնփրէս».- Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը մշտապէս տարբեր հետաքրքրական նախաձեռնութիւններով կ’անդրադառնայ նշանակալի իրադարձութիւններուն, որոնց մասին ճանաչողական եւ այլ ծրագիրներ կ’իրականացնէ. բացառութիւն չեն նաեւ մայիսեան յաղթանակները:
Թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանը ըսաւ, որ թանգարանի դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ «Մեծ Հայրենականի Մեծ հայերը» խորագիրով ծրագիրի շրջանակէն ներս ամէն օր կը ներկայացնեն գրականութեան եւ արուեստի անուանի գործիչները, որոնք մասնակցած են Հայրենական պատերազմին, եղած են զինուորական թղթակից, իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ անդրադարձած են պատերազմական իրադարձութիւններուն: Ներկայացուցած են 20 հեղինակի, որոնցմէ են գրողներ Մկրտիչ Սարգսեան, Սերօ Խանզադեան, երգահաններ Արամ Սաթունց, Ղազարոս Սարեան եւ այլն:
9 Մայիսին պիտի ներկայացուին նաեւ սփիւռքահայ արուեստագէտները, որոնք մասնակցած են պատերազմին դաշնակից երկիրներու բանակներուն մէջ: Անոնցմէ են ֆրանսական դիմադրութեան շարժման առաջնորդ Միսակ Մանուշեան, գրող Զարեհ Որբունին եւ այլք:
Կարօ Վարդանեան տեղեկացուց, որ գրեթէ մէկ շաբաթ է`կը ներկայացնեն «Շուշիի մշակոյթի մէկ դարը» խորագիրով ծրագիրը: Կը փափաքինք հանրութեան լայն շրջանակին յիշեցնել, որ Շուշին ոչ միայն հայերու, այլեւ ամբողջ Կովկասին համար կարեւոր մշակութային գիտական օճախներէն էր` հայ բնակչութեամբ: Շուշիի մէջ ապրած են բազմաթիւ գրողներ, արուեստագէտներ, գործած են թատրոններ, տպարաններ եւ այլն:

Անժէլա Համբարձումեան