«Արցախփրէս».- Արպէյճան պսակաձեւ ժահրի վարակը որպէս պատրուակ օգտագործած է երկրին մէջ քաղաքական ճնշումներ իրականացնելու եւ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու նպատակով:

«Ամերիկայի Ձայն»ը կը յայտնէ, որ այդ մասին յայտարարած են միացեալ Նահանգներու քոկրէսի մարդու իրաւունքների հարցերով Հելսինկեան յանձնաժողովի համանախագահներ քոնկրէսական Ալսի Հասթինկսը եւ ծերակուտական Ռոճեր Ուիքեր:

«Այս համավարակի ընթացքին առողջապահութեան ուղղուած միջոցները որեւէ ձեւով չեն արդարացներ քաղաքական բռնաճնշումները: Մենք անհանգստացած ենք զեկոյցներով, որոնք կը վկայեն, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը աւելի  կը սահմանափակէ սեփական քաղաքացիներուն ազատ արտայայտման, մամուլէն ազատօրէն օգտուելու եւ տեղեկատուութեան իրաւունքը` իրականացնելով ձերբակալութիւններ, տուգանքներ, բռնութիւններ եւ, կարելի է, խոշտանգումներ: Երկրի իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն այս համաշխարհային ճգնաժամի պատրուակով սահմանափակած Ատրպէյճանի Ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան անդամներուն եւ այլ գործիչներուն ու թղթակիցներուն ազատ խօսքի իրաւունքը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: