Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2020-ին, սուրիական կառավարութիւնը յայտնեց, որ միայն մէկ անգամուան համար դրամաշնորհ պիտի յատկացնէ բոլոր այն գործաւորներուն, որոնց աշխատանքը դադրեցաւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն նախազգուշացման միջոցներու որդեգրման հետեւանքով։ Կառավարութիւնը ընկերային ծառայութեան ազգային դրամարկղի կառավարման խորհուրդին յանձնեց դրամաշնորհի բաշխման պարտականութիւնը, իսկ վերջինս որոշեց 100.000 ս.ո. նուիրել իւրաքանչիւր աշխատաւորի։ Դրամաշնորհը տրամադրուած է առաւելաբար այն ոլորտներու գործաւորներուն, որոնք նման միջոցներու որդեգրման հետեւանքով անգործ մնացին, ինչպէս օրինակ՝ զբօսաշրջութեան, հանրային փոխադրամիջոցներու, արհեստներու եւ այլն: