Երկուշաբթի, 11 Մայիս 2020-ին, «Շամ Թայմզ» վկայակոչելով Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Ապաս Մուսաուիի խօսքը յայտնեց, որ Իրան անօրինական կը համարէ Ասթանայի հովանաւոր պետութիւններուն Սուրիոյ ապագային շուրջ վարած բանակցութիւնները։ Մուսաուի շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովո՛ւրդը միայն իրաւունք ունի իր երկրի ապագան ուրուագծելու։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա, որպէս Ասթանայի բանակցութեանց հովանաւոր պետութիւններ, պարտին հեզասահ դարձնել միջսուրիական բանակցութիւններուն ընթացքը, սատարել լարուածութեան մեղմացման գօտիներու հաստատման, սահմանադրութիւնը վերամշակող յանձնախումբ յառաջացնել եւ յարգել Սուրիոյ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը։