«Էրմէնիհապեր».-Եւրոպական խորհրդարանի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական խմբակցութիւնը առաջարկութիւն ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ տրուող աջակցութեան մասին:

Այս նախագիծով նախատեսուած էր Եւրոմիութեան անդամակցիլ պատրաստուող երկիրներուն աջակցելու գործելաձեւ մը (IPA): Ծրագիրին ընթացքին Թուրքիոյ տրամադրուող աջակցութեան համար նախապայմաններ դրուած է եւ այդ նախապայմանները չբաւարարելու պարագային Թուրքիան աջակցութենէն պիտի զրկուի:

Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Նաչօ Սանճեսն իր թուիթըրեան էջով տեղեկացուցած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութիւնը դէմ է այս նախագիծին արտայայտուելու, ուստի  ան չէ ընդունուած:

Թուրքիա-ԵՄ միատեղ խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Սերկէյ Լակոտինսքը իր գոհունակութիւնը յայտնած է առ այն, որ երկուստեք առկայ լարուածութեան պատճառով Թուրքիոյ հասարակական կազմակերպութիւնները այս պարագային չեն տուժեր: