19 Մայիսին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան:

Նախարարները, երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք իրենց ստացած ցուցմունքներուն համաձայն, քննարկած են Ատրպէյճանի` Տաղստանի հանրապետութեան սահմանին վրայ մնացած քաղաքացիներուն հարցը եւ այն քայլերը, որոնք այս խնդիրի լուծման համար երկու երկիրները պէտք է ձեռնարկեն:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւններու զարգացման եւ  առեւտրական-տնտեսական կապերու ընդլայնումին մասին:

Նախարարները նաեւ քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցը:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը իր ռուս գործընկերոջ յայտնած է վերջերս տեսաժողովի ձեւաչափով Մինսքի խմբակի  համանախագահներուն հետ ունեցած հանդիպումին մասին: