Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հալէպի հիւսիսային Աֆրին քաղաքին մէջ թրքական ուժերուն ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով քաղաքացի մը զոհուած է, երկու  ուրիշներ վիրաւորուած են:
Յիշենք, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, Հասիչէի, Ռաքքայի եւ Հալէպի արուարձաններուն մէջ կայք հաստատած թրքական ուժերուն ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, որոնց հետեւանքով նշեալ խմբաւորումները բազմաթիւ կորուստներ ունեցան: