Ձեզմէ ո՞վ  չէ ապրած տալու, նուիրելու առթած երջանկութիւնը: Տալը անպայման նիւթական թէ բարոյական պարտքի մը փոխարժէքը տրամադրել չի նշանակեր: Պարտքի, պարտականութեան, պարտաւորութեան հետ ալ կապ չունի ընդհանրապէս:
Բարեկամի մը կեանքը լաւացնելու, աշխատանքը բարելաւելու, մեր շրջապատը դրական փոփոխութեան ենթարկելու տենչէ մը բխած կ’ըլլայ տալու, նուիրելու, օգնելու կամ յառաջ մղելու մարդկային բարեմասնութիւնը:
Հանդուրժող, հոգատար ըլլալու մարդկային առաքինութիւն մըն է ան, որ կ’արտացոլայ միայն առողջ մտածելակերպ, ազնիւ հոգի ունեցող անձերու վարքին ընդմէջէն ու այդ առողջութիւնը կաթիլ առ կաթիլ կը տարածուի մեր միջավայրին մէջ, վարակիչ կը դառնայ, որովհետեւ դրական մտածողութենէ կը ծնի:
Ուսուցիչը ուսուցանելով ցոյց կու տայ աշակերտին գիտութեան լոյսին տանող ճամբան, որպէսզի ան ինքնուրոյն զարգանալու կարելիութիւնը ձեռք ձգէ: Նոյն ձեւով ալ վարպետը՝ աշկերտին, մայրը՝ զաւկին, ղեկավարը՝ գործող ու ծառայող տարրին: Տալ, ուղղել, քաջալերել առանց ակնկալութեան:
Ցաւօք տալու, նուիրելու, օգնելու, յառաջ մղելու մարդոց բարեմասնութիւնները ոչ միայն սմքիլ սկսած են, այլեւ փոխարինուած են առնելու, առնելու եւ միայն առնելու վատառողջ մոլութեամբ: «Ինչ որ փրցուցիր», «Օգտուելու նայէ» … նման արտայայտութիւններով մէկը միւսը կը խրատէ, եսապաշտ կը դարձնէ:
Տգիտութեա՞ն արդիւնք է, փոքրոգութեա՞ն, թէ ընդհանրապէս կեանքի դժուարութիւններուն հետեւանքով մարդկային առաքինութիւններու ողբալի անկումին:
Անհատական յաջողութիւնները արդիւնաւէտ չեն ըլլար, եթէ հաւաքական կեանքը թաւալգլոր անկումի մատնուի: Յաջողակ անհատը միջավայրն ալ զարգացնելու, քայլ մը առջեւ տանելու մասին մտածելու է, այլապէս աւերակներու վրայ իշխող թագաւորին պիտի նմանի ան, այն թագաւորին, որ նենգաբար ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իր անմիջական շրջանակը խաւարի մէջ եւ իրմէ կախեալ պահելու համար:
Երանի անոնց, որոնք անվերապահ տալու, անմնացորդ նուիրելու հաճոյքը վայելելու  իմաստութիւնը ունին:
Փշակն