Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշատուն-թանգարանին: Ասիկա ծրագիր մըն էր, որ անաւարտ մնացած էր 2015 թուականէն ի վեր: Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրին, որուն հեղինակը քանդակագործ Զաւէն Կոշտոյեանն է, Գիւմրիի հարաւարեւելեան` օդակայանի թաղամասին մէջ տեղադրուած է 1993-ին:
Ըստ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանին, նոյն տարածքին մէջ թանգարան հիմնելու գաղափարը գիւմրեցի դարբիններէն մէկունն էր: Անոր մահէն ետք ծրագիրը աւարտին հասցնելու պարտաւորութիւնը ստանձնած է Գիւմրիի մէջ յայտնի շինարար Վարդան Յովհաննիսեանը` «Տուն շինող Վարդանը»:
Լքուած տարածքը մաքրուած է աղբէն, կիսանդրիի հատուածը բարեկարգուած է, կառուցուած է յուշատուն, ուր ներկայացուած են Սողոմոն Թեհլիրեանի, ինչպէս նաեւ 1915-ին Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ինքնապաշտպանական մարտեր ղեկավարած մարդոց լուսանկարներ:
Տարածքը կը նախատեսուի դարձնել Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան յուշահամալիր, ուր պիտի գործեն նաեւ խաղահրապարակներ եւ մարզական դահլիճներ: