«Վերելք» հաղորդաշարի հիւր, խմբագիր Վաչէ Բրուտեան կը հաստատէ, որ ներկայ քաոսին պատճառը գաղափարականութեան բացակայութիւնն է: Այդ բացակայութիւնը եղած է բոլոր իշխանութիւններու օրերուն:

Նկատի առնելով պետականազրկութեան դարերը՝ մեր իշխանութիւնները անկախութենէն ետք պարտաւոր էին բարձրացնել ժողովուրդին քաղաքական գիտակցութեան մակարդակը, անոր տալ անհրաժեշտ գիտելիքներ, նպաստել ինքնակազմակերպման գործընթացին, սակայն այդ ուղղութեամբ, կարելի է ըսել, որ ոչինչ կատարուած է, որուն հետեւանքով այսօրուան քաոսային վիճակը կը տիրէ:

Վաչէ Բրուտեան անհրաժեշտ կը համարէ այս հարցին գիտակցող մտաւորականներու հարթակի ստեղծումը, որպէսզի պարզուին շատ մը հարցերու պատասխաններ, ապա գտնուի հայութիւնը ներկայ վիճակէն դուրս բերելու ուղին:
Վաչէ Բրուտեան, որ կը բնակի Լոս Անճըլըս եւ ապրած է Սփիւռքի շարք մը համայնքներու մէջ, ընդհանուր գծերով կը ներկայացնէ այդ համայնքներուն վիճակը եւ կը մերժէ «սփիւռքը մեռած է» յոռետեսական կարգախօսը: «Հայութիւնը միաւորուելու եւ համաշխարհային գործօն դառնալու ներուժ ունի», կը հաստատէ ան:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթին մէջ:c