«Արմէնփրէս».- Տեսակապի ձեւաչափով 26 Մայիսին տեղի ունեցաւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (այսուհետեւ՝ ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին նիստը:
ԱԳ նախարարները քննարկեցին ՀԱՊԿ-ի գործակցութեան ամրապնդման, միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, անվտանգութեան ժամանակակից մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն միատեղ հակազդեցութեան առնչուող հարցեր:
Իր խօսքին մէջ Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս փոխգործակցութեան խորացման, արտաքին քաղաքական համադրման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, պաշտպանական բաղադրիչի, սպառնալիքներուն եւ մարտահրաւէրներուն հակազդումին ճարտարագիտական ամրապնդման առնչութեամբ:
Նախարար Մնացականեան, ի թիւս այլ որոշումներու, կարեւոր համարեց պսակաձեւ ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին` համաշխարհային հրադադարի կոչին աջակցելու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան ընդունումը:
ՀՀ ԱԳ նախարարը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէն 18 Մայիսէն 22-ին յարձակողական բնոյթի ներգործօն-մարտավարական լայնածաւալ զօրավարժութիւններու իրականացման, որ միջազգային յանձնառութիւններով Վիեննայի փաստաթուղթի խախտումով տեղի ունեցած է: ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծեց, որ այդօրինակ գործողութիւնները, որոնք տարածաշրջանային կայունութիւնը կը խարխլեն եւ լուրջ վնաս կը հասցնեն խաղաղ գործընթացին, պէտք է պատշաճ կերպով դատապարտուին:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ վերահաստատեց Հայաստանի եւ Արցախի նորընտիր իշխանութիւններու յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման: «Մենք կտրականապէս կը բացառենք ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը եւ կը շարունակենք խաղաղ գործընթացով մեր կառուցողական մասնակցութիւնը, որուն ներուժը չի կրնար լիարժէքօրէն իւրացուիլ առանց Արցախի ժողովուրդին մասնակցութեան եւ բոլոր կողմերու համարժէք փոխզիջումին»:
Նախարար Մնացականեան իր խօսքով նաեւ անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն` ընդգծելով կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստի աւարտին ընդունուեցան «Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-րդ տարելիցին առիթով», «Covid-19 համավարակէն մեկնած համընդհանուր հրադադար հաստատելու ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարի կոչին աջակցութիւնը», «Պսակաձեւ ժահրի վարակին դէմ պայքարի համերաշխութեան եւ փոխըմբռնման» եւ «ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն եւ սկզբունքներուն հաւատարմութեան հաստատման» միատեղ յայտարարութիւնները: