Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան 102-ամեակը  կը զուգադիպի նաեւ Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութեան 100-ամեակին: Հայ ժողովուրդը Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութեան Մայիս 28-ով որպէս անկախ պետութիւն կերտած ազգ ներկայացաւ: Ան Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը յաղթող դաշնակից պետութիւններուն շարքին մասնակցեցաւ Փարիզի խաղաղութեան ժողովին ընդդէմ պարտուած Օսմանեան Կայսրութեան:  Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ Հայ Ժողովուրդը իր խլուած իրաւունքներուն իրաւական պահանջատէրի հանգամանքը հաստատեց, իսկ Ահարոնեան, լո՛կ ժողովուրդին ներկայացուցիչը չէր, այլ ամէնէն առաջ՝  հայկական պետականութեան ներկայացուցիչն էր, այն պետականութեան, որուն արեւը վեց դարեր խաւարին մէջ մնացած էր ու կը սպասէր Սարդարապատեան խենթերու հերոսութեան:

Աւելի պարզ բացատելու համար 28 Մայիսին կարեւորութիւնը, Սեւրի Դաշնագիրին ընթացքին, կարելի է զուգահեռներ գծել Խրիմեան Հայրիկի մասնակցութեամբ Պերլինի վեհաժողովին եւ Ահարոնեանի մասնակցութեամբ Սեւրի Դաշնագիրին միջեւ: Խրիմեան Հայրիկ Պերլին կ’երթար առանց պետական ներկայացուցչական հանգամանքի, հետեւաբար իրաւականօրէն (նոյնիսկ փրոթոքոլային իմաստով) համահաւասար հանգամանք չունէր ժողովին մասնակցող պետութիւններուն հետ, մինչդեռ Ահարոնեան՝ 28 Մայիսով կերտուած անկախ ու ինքնիշխան պետականութիւն կը ներկայացնէր եւ ըստ այնմ ան իր համահաւասար տեղը կը գրաւէր ժողովներուն մասնակցող այլ պետութիւններուն շարքին: Դժուար է պատկերացնել Սեւրի Դաշնագիրին որդեգրելիք որոշումները հայութեան եւ Հայաստանի գծով, եթէ Հայաստանը անկախ պետութիւն չըլլար այդ օրերուն: Ըստ երեւոյթին, եթէ Հայաստան անկախ պետութիւն չունենար, թերեւս հայութիւնը միայն հրաւիրեալի կարգավիճակով մասնակցէր եւ կամ աւելին, նոյնիսկ աղերսէր որ մասնակցի, ինչպէս որ պատահեցաւ Լոզանի Դաշնագիրին ընթացքին, երբ Հայաստան արդէն խորհրդայնացած էր,  անկախ պետութիւն չկար արդէն ու միայն Փարիզի Խաղաղութեան ժողովէն ի վեր գործող պատուիրակութիւնը՝ առանց պետական հանգամանքի ու ներկայացուցչութեան մասնակցեցաւ Լոզանի ժողովին ու Թուրքիոյ մէջ Հայ փոքրամասնութեան հարցերը քննարկեց:

Այստեղ կ’արժէ անգամ մը եւս հաստատել ու ջրել այն դիւրիմացութիւնը, որ շատեր կը կրկնեն: Լոզանի Դաշնագիրը Սեւրի Դաշնագիրը չփոխարինեց: Այս հաստատումը թերի է, որովհետեւ Սեւրի եւ Լոզանի դաշնագիրները ստորագրող կողմերը տարբեր էին ու չկայ ո՛չ մէկ փաստաթուղթ, որ կ’ըսէ թէ Լոզանը կը ջնջէ կամ կը փոխարինէ Սեւրը: Աւելին, Լոզանի պայմանագիրով Հայաստան որեւէ պարտաւորութիւն չէր վերցներ, որովհետեւ Հայաստան պայմանագիրը ստորագրող կողմ չէր: Այսինքն, որպէս պետութիւն չէր ներկայանար Լոզանի Դաշնագիրին:  Լոզանի պայմանագիրը ամրագրեց Թուրքիոյ սահմանները Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ, բայց ոչինչ նշուած էր անոր մէջ թուրք-հայկական սահմանին մասին: Հետեւաբար, ըստ Լոզանի պայմանագիրի 16-րդ յօդուածին՝ թուրք-հայկական սահմանին գծով ուժի մէջ կը մնար Ուիլսընի իրաւարար վճիռով նախատեսուած յատուկ կարգը:

Հետեւաբար, այսօր, իրաւական ի՞նչ կարեւորութիւն ունի Սեւրի Դաշնագիրը:

Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի իրաւական հիմքերէն մէկը 1920-ին ստրոագ- րուած Սեւրի պայմանագիրն է եւ յատկապէս Սեւրի պայմանագիրին Հայութեան հետ կապ ունեցող թիւ 88,89։90,144,148 եւ 230 յօդուածները:

երբ Հայութեան ռազմավարութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչումէն դէպի հետեւանքներու վերացում կ’ընթանայ, Սեւրի պայմանագիրը ու յատակպէս անով հաստատուած Ուիլսընեան Հայաստանի իրաւական վճիռը, որ ըստ կարգ մը միջազգային օրէնքի մասնագէտներու  գործադրուելու համար անպայման պէտք չունի Սեւրի դաշնագիրին վաւերացման, կարեւոր նշանակութիւն ունի: Ապացոյցը 2009-ի հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ ընդգրկուած Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմաններու ճանաչման մասին դրութեան քննարկումն էր: Այն փաստը, որ արձանագրութիւններուն մէջ մասնաւորապէս ընդգրկուած էր սահմաններու ճանաչման հարց, ցոյց կու տայ այն մեծ դերը, որ Սեւրի Դաշնագիրը ունի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ Հայոց  Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման մէջ:

Աւելին, Սեւրի Դաշնագիրն ու Ուլիսընեան վճիռը կարելի է դիտել որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին փուլէն յետոյ միջազգային հանրութեան կողմէ մշակուած եւ անոր հաւանութիւնը վայելող փաստաթուղթ: Երկրորդ՝ վճիռը այսօր իրագործելը կարելի է դիտել որպէս քեմալականներուն պատճառած վնասներու վերացում, քանի որ անոնք էին, որոնք բռնազաւթելով Հայաստանին պատկանող եւ արդէն հայկական պետութեան իշխանութեան ու տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքը, խոչընդոտեցին վճիռին իրագործումը: Այս իմաստով, եթէ վճիռը այսօր իրագործուի, Թուրքիոյ միջազգային պարտաւորութեան խախտման աւարտը պիտի հաստատէ:

Նկատի առնելով, որ ցեղա- սպանութեան հետեւանքները տակաւին չեն վերացած, եւ  Թուրքիա կը շարունակէ ժխտողականութեան ճամբով խոչընդոտել  հատուցումներու նախնական գործընթացը, ինչպէս նաեւ շրջափակել Հայաստանը ու անոր ազգային անվտանգութեան սպառնալ, Սեւրի դաշնագիրը յաճախ օրակարգի վրայ պահելը, թէկուզ ժամանակաւորապէս, ո՛չ պետական-պաշտօնական, այլ ժողովրդային մակարդակի վրայ, կարեւոր նշանակութիւն ունի: Սեւրի դաշնագիրը օրակարգի վրայ պահելը կարեւոր է, որովհետեւ դաշնագիրին ստորագրութենէն հարիւր տարի անց, չվաւերացուած ու չգործադրուած այս փաստատթուղթը տակաւին անհանգստութիւն, վախ ու մտահոգութիւն կը տածէ թրքական վերնախաւին մօտ. սա յաճախ «Սեւրի սինտրոմ» կը կոչուի: Այսօր աշխարհաքաղաքական զարգացումները ի նպաստ Թուրքիոյ չեն ընթանար: Եւ ոչ ոք կրնայ կանխատեսել, թէ երբ Սեւրը կրնայ համաշխարհային քաղաքականութեան ու յարաբերութիւններու նկուղէն լոյս աշխարհ գալ ու անոր գործադրութեան համար նոր պայմաններ ստեղծուիլ: Պատրաստ պէտք է ըլլալ այդ օրուան…: Այդ պատրաստ ըլլալու գործընթացին մէջ Մանուկեաններու, Նժդեհներու, Դրօներու եւ Անդրանիկներու ժառանագորդը հանդիսացող Հայոց Բանակին թեւ ու թիկունք կանգնելու, հայրենի պետականութեան հիմքերը զօրացնելու, համայն հայութեան ներուժը համախմբելու եւ միասնականօրէն հայրենակերտումի գործը առաջ տանելու կոչուած ենք բոլորս:

Շնորհաւոր 28 Մայիսի տօնը:

Գէորգ Յակոբճեան