«Երկիր».- Պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով կեանքէն հեռացած է Երեւանի կառոյցի անդամներ Վազրիկ Պետրոսեանի կին ու Սեւան Պետրոսեանի մայրը՝ Ռուպինա Ղազարեանցը: Ան իր ընտանիքի անդամներուն հետ 1990-ին Իրանէն տեղափոխուած էր Հայաստան ու այդ օրէն ի վեր մասնակից եղած է նորանկախ Հայաստանի կերտման թէ՛ լաւ, եւ թէ վատ օրերուն: ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէն իր ցաւակցութիւնը կը  յայտնէ Ռուպինա Ղազարեանցի բոլոր հարազատներուն: