Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «ժողովրդական Հանրապետական» կուսակցութենէն ընտրուած Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու այցելած է Սկիւտար շրջանի Քուզգունճուք թաղամասը գտնուող հայկական Սրբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որ օրեր առաջ յարձակման ենթարկուած էր:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ անյայտ անձ մը վայրագօրէն պոկած ու մայթին նետած էր եկեղեցւոյ մուտքի դարպասներուն վրայի խաչը: Եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսագրիչ գործիքները ատելութեան նկատառումով կատարուած յարձակման պահը արձանագրած էին:
Իմամօղլուի հետ եկեղեցի այցելած է նաեւ Իսթանպուլի Սկիւտար շրջանի համայնքապետ Հիլմի Թիւրքմէն:
Թրքական աղբիւրներուն համաձայն, անոնք եկեղեցւոյ դէպքին մասին տեղեկութիւն ստացած են եկեղեցւոյ հիմնադրամի տնօրէն Եդուարդ Այվազեանէն:
Այվազեան յայտնած է, որ պոկուած խաչին փոխարէն նորը տեղադրած են:
Իսթանպուլի քաղաքապետը ցաւ արտայայտած է կատարուածին համար, դիտել տալով որ նման յարձակումներ արտօնելի չեն ոչ մէկ կրօնական արժէքի դէմ, որ կրօնքին ալ պատկանած ըլլան անոնք: