«Պատմութիւնը յաղթողները կը գրեն»: Եթէ այդպէս է, ուրեմն ցեղասպանութենէն ճողոպրած խլեակները իրաւասո՞ւ են պատմութիւն գրելու: Վեց դար պետականութենէ զուրկ, օտարի լուծին տակ ճզմուած ճորտին, կեաւուրին տրուա՞ծ է պատմութիւն գրելու իրաւունքը: Միայն երկու տարի անկախութիւն ապրած, ապա զայն կորսնցուցած ազգը կրնա՞յ իր պատմութիւնը գրել:
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ յաղթական: Պարզապէս գոյատեւելը բաւարա՞ր է յաղթական յայտարարուելու համար: Հարցադրումներ, որոնք կարելի չէ անտեսել այսօր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան 102-ամեակին ընդառաջ:
20-րդ դարու երկրորդ տասնամեակը բախտորոշիչ փուլ մը եղաւ հայութեան համար: Ճիշդ է, որ ան իր ծանր բեռը դրաւ մեր հաւաքական խիղճին վրայ, իբր կոտորածի եւ ցեղասպանութեան տասնամեակ, սակայն, շնորհիւ օրուան ղեկավարութեան տեսլականին, յաջողեցանք անկէ դուրս գալ իրականացնելով ազգի դարաւոր երազը՝ Ազատ, Անկախ Հայաստանը:
Տասնամեակ մը, որ իր մէջ ամփոփեց 20-րդ դարու հայոց պատմութեան ընթացքը՝ կոտորածներէ դէպի փառապանծ յաղթանակներ: Տասնամեակ մը, ապա դար մը ամբողջ, ազգս քալեց բնաջնջման անդունդի եզերքին եւ ճիշդ հոն վերագտաւ իր դիմագիծի աւելի քան վեց դար խաւարած, բայց կրկին պայծառացող երեսը՝ իր ազգային արժանապատուութիւնը, եւ ռազմական ու քաղաքական պայքարով ամրագրեց զայն պատմութեան էջերուն մէջ:
Հասկնալու համար այդ տասնամեակը պսակող յաղթանակի խորհուրդը, եկէք պահ մը վերյիշենք զայն կերտողները՝ յաղթողնե՛րը, որոնց բաժին պիտի իյնար պատմութիւնը գրել: Անոնց դէմքերը այսօր այս սրահը կը զարդարեն. Դրօներ, Նժդեհներ ու Ռուբէններ, եւ անոնց գլուխը կանգնած այր մի՝ Մանուկեան Արամ անուն:
Պատմական դէպքերու վերապատումի կարիքը չկայ: Մեզի ծանօթ են անոնք տակաւին մանուկ հասակէն, սակայն այսօր առաւելաբար կարիքը ունինք վերյիշելու Արամը, Սարդարապատի՛ Արամը եւ անոր նմանող պատմակերտ դէմքերը:
Պատմութիւնը յաղթողը չէ որ կը գրէ: Պատմութիւնը արդէն իսկ գրուած է եւ ան ունի իր արդար ընթացքը: Պատմութիւնը ինք կ’անմահացնէ իր ընթացքը հասկցողները: Անոնք որոնք ոչ միայն կ’ըմբռնեն պահի լրջութիւնը, այլեւ կը կանխատեսեն, թէ անկիւնադարձը ո՛ր ուղղութեամբ կրնայ տանիլ ազգը, իրենց կեցուածքներով կը բռնեն նոյն այդ ուղղութիւնը եւ արդարօրէն կ’ըլլան պատմակերտ դէմքեր: Ոչ ոք թող գայթակղութեան մէջ իյնայ. պատմութեան ուղղութիւնը անսխալական է, յարաճուն՝ հարթուած ազգի գերագոյն շահերով:
Մայիս ամիսը իր մէջ կը կրէ բազում խորհուրդներ հայութեան համար, սկսեալ 451-ի մայիսեան սխրագործութենէն՝ Աւարայրի դաշտին վրայ, անցնելով 1918-ի Մայիսէն՝ Սարդարապատ, հասնելով մինչեւ 1992-ի Մայիսը՝ Շուշի: Լուսաւոր կէտեր, որոնք իրարու զօդուելով կը վերածեն գարնանային այս ամիսը իսկական յաղթանակի եռատօնի: Պայծառ այս պահերէն իւրաքանչիւրը իր ետին կանգնած ունի պատմակերտ դէմքեր, մարդիկ, որոնք ինչպէս նախապէս յիշեցինք, կրցած են ակնկալել դէպքերու զարգացման ընթացքը եւ իրենց կտրուկ կեցուածքներով յաջողած են ամբողջ ազգը փրկել, երբ անոր լինելիութիւնը հարցականի տակ էր:
 Անոնց կողքին սակայն, միշտ ալ եղած են, մեղմացնելու համար ըսենք՝ պատմութիւնը թիւր բացատրողներ. յաճախ քիչ թէ շատ ազդեցիկ դէմքեր, որոնք անկիւնադարձին ուղղութիւնը հակառակ ենթադրած են: Աւարայրը Վարդանին կողքին ունէր Վասակ մը, որ իբրեւ թէ կը փափաքէր դիւանագիտական միջոցներով լեզու գտնել հայութեան դէմ կիրքերը շղթայազերծած թշնամիին հետ:
1918-ի անկախութեան մարտերուն լսուեցան կարմիր կոկորդներու աղաղակներ, որոնք կոչ կ’ուղղէին այսպէս կոչուած «թուրք եղբայրներ»ուն դէմ զէնք չբարձրացնելու, այլ եղբայրութեան ձեռք երկարելու ցեղասպանին, որուն ազգասպան ծրագիրը տակաւին ընթացքի մէջ էր: Նոյնանման ձայներ այսօր ալ մերթ ընդ մերթ կը հնչեն, յանուն խաղաղութեան արեամբ ձեռքբերուածը զիջելու տրամադրութիւն ու համոզում յառաջացնելու միտումով հաւանաբար։ Սակայն պատմութիւնը պէտք է ընթերցել եւ հոն գտնել մեր գոյութեան խորհուրդը, հայոց բանակի եւ մեր պետականութեան ու միասնութեան ամրակուռ պահպանումով։
Արամը իւրացուցած էր մեր գոյութիւնը նենգ դրացիներու կողքին անգամ պահելու հնարքներն ու գաղափարական հարստութիւնը։ Ան պատահական հրամանատար մը չէր, ոչինչէն եկած մի ոմն չէր, պարազապէս պահի ու կարիքի ծնունդ՝ ինչպէս այսօր ոմանք կը փորձեն ներկայացնել զայն: Ան տարիներու նուիրումով թրծուած էր ազգային գերագոյն ծրագիրին նուիրուած կազմակերպութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կառոյցէն ներս: Անոր խորաթափանց նայուածքը եւ վճռական գործելաոճը կը բխէին իր կազմակերպական խմորումէն։
Արամ, իր ընկերներուն հետ բազմիցս դէմ յանդիման գտնուած էր դարաւոր թշնամիին հետ եւ այդ առճակատումներէն դուրս եկած՝ մինչեւ այսօր իր այժմէականութիւնը չկորսնցուցած փորձառութեամբ։ Ո՞ր յանդուգն ինքնակոչ յեղափոխականը պիտի կարենար լիիրաւ, ամբողջական երկիր կառուցել, թրքական սալին ու պոլշեւիկեան մուրճին միջեւ ինկած, որբերով ու համաճարակներով ողողուած պատառ մը հողին վրայ, եթէ չունենար այն գաղափարային խորքն ու գործնական փորձառութիւնը, որ ունէին առաջին հանրապետութեան հիմնադիրները։
Դարերու խաւարէն ետք, հանրապետութեան հիմնադիրներուն ու անոնց դաւանած կազմակերպութեան, այլեւ մեր ողջ ժողովուրդի զաւակներուն, նոյնիսկ թշնամիին յարձակումներուն դիմաց հայ եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջը դադրեցնելը մերժող յանդուգն կղերներուն շնորհիւ, կարելի եղաւ ունենալ Ազատ Անկախ Հայաստան մը, որ անկախութենէն հազիւ երկու տարի անց, իր դիւանագիտական ներկայութիւնը պիտի ունենար Սեւրի դաշնագրի ստորագրութեան, դաշնակից երկիրներու շարքին, ուր Օսմանեան Կայսրութիւնը՝ պարտուածի դիրքով պիտի գար ընդունելու Ուիլսընեան իրաւարարութեան պայմանները։
Առաջին անգամն էր, հայոց պատմութեան եւ Հայկական հարցի զարգացման ընթացքին մէջ, երբ հայութիւնը ներկայացած էր լիարժէք պետական ներկայացուցչութեամբ, Սարդարապատի յաղթանակը ձեռքին՝ իբր երկաթէ շերեփ, որուն շնորհիւ ազգերու խնճոյքէն անօթի դուրս պիտի չգայինք ամէն անգամուան պէս։ Հոս է, որ երկար դարերու ընդմիջումէ ետք, հայ դիւանագիտութիւնը վերագտաւ իր երբեմնի փառքը, յենելով հայո՛ց բանակին եւ ոչ այս կամ այն օտարի կարծեցեալ բարեացակամութեան վրայ։
Հայաստանի խորհրդայնացումը թէեւ կասեցուց մեր յաղթական երթին ընթացքը, Սեւրին ընթացք չտրուեցաւ, պոլշեւիկները ամենայն առատաձեռնութեամբ աջ ու ձախ բաժնեցին մեր պատմական իրաւունքները, մեր նահատակներուն արիւնով սրբացած հայրենի հողը, որովհետեւ այն բանը, որուն համար արիւն չէին թափած, յանձնելը դիւրին էր։ Գերպետութիւններուն բախող հաշիւներուն պատճառով, Լոզանի, Կարսի եւ շարք մը այլ համաձայնագիրներու ճնշումները փորձեցին մեր երկրին տարածքով սահմանափակել, որոնց պատճառով ալ 1991-ին վերանկախացած Հայաստանը շատ աւելի փոքր ներկայացաւ իր տարածքով, քան 1918-ին անկախացած հողատարածքը։
Այսօր մեր հայրենիքը պակաս վտանգաւոր կացութեան մէջ չի գտնուիր։ Արտաքին ու ներքին խլրտումները նոյնքան կը սպառնան անոր գոյութեան, միջազգային տնտեսաքաղաքական պատկերը նոյնքան լուրջ է, ինչպէս որ էր Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին։
Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր եւս կարիքը ունինք Արամին նման ղեկավարներու, որոնց համար ազգային իւրքանչիւր արժէք անվիճելի սրբութիւն է։ 1918-ի որբի ու ողբի հայրենիքը ունէր իր լուսաւորութեա՛ն նախարար Նիկոլ Աղբալեանը, խորհըրդարանի նախագահ Լեւոն Շանթը, վարչապետ Համօ Օհանջանեանը, որոնք նոյնիսկ իրենց պանդխտութեան մէջ, Սփիւռքի ամենադժնդակ պայմաններուն տակ, յանդգնութիւնը ունեցան հիմնելու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութիւնը, որ հիմնադրութենէն աւելի քան 90 տարի անց, կարելի է կոչել Սփիւռքի Մշակոյթի Նախարարութիւնը։ Ուստի լուսանցքային պէտք չէ համարել ազգային մշակոյթն ու արժէքները, Սփիւռքի ներուժին լիիրաւ ներգրաւումը համահայկական մեր կեանքի զարգացման մէջ։
Առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներուն պանդխտութեամբ սփիւռքացաւ Ազատ Անկախ Հայաստանի տեսլականը, ինչպէս Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր նախահայրերուն հետ սփիւռքացաւ Մեծ Հայքի, կորսուած հայրենիքի մեր գաղափարը։ Սերունդներ դաստիարակուեցան ոչ միայն հայրենիքի կորուստի զգացումով, այլ նաեւ հերոսամարտերու ազատատենչ ոգիով։
Խորհրդային կարգերուն տակ կքած մեր ժողովուրդն ալ իր սրտին մէջ թաքուն կը փայփայէր անկախութեան գաղափարը։ Ու երբ հասունցաւ պահը, Սփիւռք-հայրենիք մէկ բռունցք դարձած հայկական եռագոյնը իր արժանի երկինքին տակ ծածանիլ տուին ու շողաց կրկին հայոց ազատութեան արեւը։
Այսօր, երբ մեր ազգը ունի Ազատ Անկախ Հայաստան նաեւ Ազատ Անկախ Արցախ, սուգէն ելլելով թեւակոխած է պահանջատիրութեան փուլը. երբեմնի գաղափարները մեզի համար այլեւս ստացած են միս ու ոսկոր, անոնք տեսլականէ անդին յստակ նպատակակէտեր են եւ անոնց ուղղութիւնը՝ ազգային ռազմավարութիւն։
Ազգային ռազմավարութեան հիմքը պէտք է կազմէ այն ճշմարտութիւնը, որ մենք դատի տէր ազգ ենք, չլուծուա՛ծ դատի տէր եւ պարտաւոր ենք մեր իւրաքանչիւր սրտի տրոփին հետ այդ դատը կենդանի պահել։ Հոգ չէ, թէ դատի լուծման մեր մօտեցումները իրարմէ շատ տարբեր ըլլան, սակայն բոլոր տարբերակները պարտին պահպանել ազգային շահերու ուղեգիծը։ Այսօրուան Հայաստանը օրինական ժառանգորդն է 1918-ի հանրապետութեան եւ ամբողջական իրաւունքը ունի պահանջելու Ուիլսընեան իրաւարարութեան իրագործումը։ Այսօրուան Հայաստանը նաեւ իր ետին ունի Արցախի մէջ սխրագործումներ կատարած բանակ, որուն ձեռքբերումները դիւանագիտութեան սեղանին վրայ շահո՛ղ խաղաքարտ պէտք է դառնան, ո՛չ թէ զիջումի առարկայ։
Սիրելինե՛ր, մենք ազգովին տակաւին բնաջնջման անդունդին եզերքին կը քալենք եւ մեր պարտաւորութիւնն է ըլլալ աչալուրջ եւ զգօն։ Արդիականացումը ոչ միայն հրապուրիչ գաղափար է, այլեւ բոլոր ժամանակներու հրամայականն է, առանց արդիականանալու, առանց ժամանակին հետ քայլ պահելու չենք կրնար ժամանակի քննութենէն յաղթական դուրս գալ, սակայն այդ մէկը պէտք չէ ըլլայ ի գին մեր ազգային գերագոյն իտէալներուն։
Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք Արամին ու անոր ընկերներուն նմանող պետական այրերու, որոնք ցեղասպանութեան անյատակ անդունդէն վեր հանեցին ամբողջ ազգը եւ ոչ միայն ապահովեցին անոր ֆիզիքական գոյութիւնը այլեւ զայն դասեցին յաղթող ազգերու շարքին։
Եկէ՛ք տարին գէթ մէկ օր, մէկ կողմ դնենք մեր տարակարծութիւնները, անկեղծօրէն վերընթերցենք պատմութիւնը եւ կենդանի օրինակ առնենք մեր պատմակերտ դէմքերէն, որպէսզի մի՛շտ մնանք պատմութեան յաղթական կողմին վրայ, միշտ մե՛նք գրենք մեր պատմութիւնը ի հեճուկս դաւադիր թշնամիին։
Կեցցէ՛ ազատ ու անկախ Հայաստանը:
Կեցցէ՛ յաղթական մեր ժողովուրդը:
Շնորհաւոր ըլլայ մեր հայրենիքի անկախութեան ցնծալի տօնը։