Երէկ երեկոյեան, Սուրիոյ ժամով 9:25-ին, Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին լիբանանեան օդային տարածքէն Համայի գիւղերէն Միսիաֆի զինուորական կեդրոններէն մէկուն ուղղուած իսրայէլեան յարձակումի մը եւ վար առին արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը։ Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ, զոհեր չկան։